Հակառակորդի կրակոցէն պայմանագրային զինուոր մը զոհուած է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/soldier-shooting-620x300.jpg)
ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ` հակառակորդին կողմէ պայմանագրային զինծառայողի սպանութեան դէպքին վերաբերեալ:
Ինչպէս «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Քննչական կոմիտէի լրատուական ծառայութենէն, 2015թ. Սեպտեմբեր 3-ին` ժամը 10:30-ի սահմաններուն, հակառակորդի անյայտ զինծառայողը, ազգային, ցեղական կամ կրօնական ատելութեան կամ կրօնական մոլեռանդութեան շարժառիթով, շատերու կեանքին համար վտանգաւոր եղանակով, սպաննելու դիտաւորութեամբ խոշոր տրամաչափի դիպուկահար հրազէնէ կրակոց արձակած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքին մարտական հերթապահութեան նշանակուած նոյն զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, 1975թ. ծնունդ Հայկ Գառլէնի Թեւոյեանի ուղղութեամբ, որուն արդիւնքով վերջինս պարանոցի շրջանին ստացած հրազէնային գնդակային վնասուածքէն մահացած է:
Դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 6-րդ եւ 13-րդ կէտերով: