«Սօսէ» Մանկապարտէզի Նոր Շէնքի Սպասումով

Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի շէնքը, ուր կը յաճախէ 95 երեխայ եւ ունի 17 աշխատող, կառուցուած է 1953 թուականին: Շէնքը վերջին տարիներուն կը գտնուէր թէ՛ երկրաշարժական, թէ՛ առողջապահական առումով անմխիթար վիճակի մէջ: 2014-ի Ապրիլին ԼՂՀ Երկրաշարժական ծառայութիւնը շէնքը գնահատած է որպէս վթարային եւ մանկապարտէզը փակելու պահանջ ներկայացուցած: Այսօր շէնքը հիմնովին քանդուած է, եւ շատ ստեփանակերտցիներու կը յուզէ այն հարցը, թէ արդեօք ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենայ սիրուած մանկապարտէզը: Այս հարցին պատասխանը փորձեցինք գտնել` զրուցելով ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետուհի Արմինէ Յարութիւնեանի հետ:

– Տիկին Յարութիւնեան, ի՞նչ ակնկալիքներ ու ծրագիրներ կան մանկապարտէզի շէնքին հետ կապուած:

– Ուրախացնեմ ու յայտարարեմ սպասողներուն, որոնք մտահոգուած են մանկապարտէզի քանդման հարցով` Հոկտեմբեր 1-էն մանկապարտէզը պիտի գործէ ժամանակաւոր տեղակայուած վայրի` նախկին 6-րդ դպրոցի մասնաշէնքերէն մէկուն մէջ: Արցախի մէջ ՀՕՄ-ի բազմաթիւ յաջողած ծրագիրներէն մէկը «Սօսէ» մանկապարտէզներու ծրագիրն է: Այսօր Արցախի մէջ կը գործեն ՀՕՄ-ի 8 մանկապարտէզներ: Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ մանակապարտէզը կը գործէ 1998-էն:

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնեմ նաեւ, որ 2015-ին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը Ստեփանակերտի մէջ նոր մանակապարտէզի շինարանութեան նպատակով կեանքի կոչած է յանձնախումբ մը, որուն անմիջապէս դրական արձագանգած է ԼՂՀ կառավարութիւնը եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է միասնաբար այդ ծրագիրը կեանքի կոչելու համար: ՀՕՄ-ի կառոյցը կը համագործակցի ԼՂՀ կառավարութեան եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին հետ, ինչ որ կը բխի մեր քաղաքացիներու շահերէն:

Մանկապարտէզը այդ տարածքին մէջ պիտի գործէ առաւելագոյնս 2 տարի: Իրավիճակի բերումով Արցախ այցելած հազարաւոր ՀՕՄ-ուհիներ, թէ՛ Կեդրոնական վարչութենէն, թէ՛ առանձին ՀՕՄ-ուհի բարերաներ, միշտ այցելած են Ստեփանակերտի մանկապարտէզ եւ իրենց անկեղծ ցանկութիւնը յայտնած են արդիական պահանջներով յագեցած մանկապարտէզի շէնք մը կառուցելուն: Նորակառոյց մանկապարտէզի շէնքի նախահաշիւը կը կազմէ մօտաւորապէս 900 000 տոլար, որուն մօտ 750 000 տոլարը կը նախատեսուի շինարարութեան ծախսերուն համար:

Այս պահուն ՀՕՄ-ի տարբեր կառոյցներ ԱՄՆ-ի, Գանատայի եւ ամէնուր նախաձեռնած են դրամահաւաք` շինարարութիւնը արագ աւարտելու նպատակով: Արցախի մեկուսի կառոյցը անմասն պիտի չմնայ եւ նպատակ ունի նախաձեռնելու տարբեր դրամահաւաք ձեռնարկներ` իր արտայայտուած մասնակցութիւնը բերելու համար:

– Որքա՞ն կը կազմէ այդ արտայայտուած մասնակցութեան չափը: 

– Ի հարկէ, որքան շատ` այնքան լաւ, բայց ոչ պակաս քան 100 000 տոլարի համարժէք դրամ: Օգտուելով առիթէն` կոչ կ՛ընեմ «Ապառաժ» թերթ ընթերցողներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս ծրագրի կեանքի կոչման համար:

Ցանկացողները գումարը կրնան փոխանցել յատուկ բացուած դրամատնային հաշուին / 1570022424910100 /AMD/ 1570022424910101 /USD/:

ՀՕՄ-ը ստեղծուած է 1910-ին ԱՄՆ-ի մէջ, ցեղասպանութիւն տեսած հայ կանանց եւ մայրերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով եւ կը գործէ աշխարհի 26 երկիրներու մէջ, իսկ Արցախի մէջ կը գործէ 1992 թուականէն ի վեր: 1998 թուականի Ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ բացուած ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզը նպատակ ունէր աջակցելու Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներու մանկահասակ երեխաներու կրթադաստիրակչական աշխատանքներու կազմակերպման:

«Սօսէ» մանակապրտեզը շատ կարճ ժամկէտի մէջ աչքի ինկաւ ԼՂՀ նախադպրոցական հիմնարկներու շարքին եւ ատով իսկ արդարացուց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ հովանաւորող շրջաններու, անհատներու սպասումներն ու յոյսերը: Յետագային Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի օրինակով որոշուեցաւ ընդլայնել «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը Արցախի մէջ` տարիներու ընթացքին անոնց թիւը հասցնելով 12-ի: Այժմ մանկապարտէզներ կը գործեն նաեւ Շուշիի, Մեծ Թաղերու, Տողի, Ակնաբերդի, Աշանի, Խնձրիստանի, Քարեգահի մէջ:

Լուսինէ Թէոսեան

«Ապարաժ»

Scroll Up