Տաւուշի մէջ հակառակորդի գնդակէն վիրաւորուածները մայր ու որդի են

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին Սեպտեմբեր 2-ի լոյս 3-ի գիշերը լարուած եղած է: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
Ան յայտնեց, որ այս պահուն իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է:
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 2-ի երեկոյեան հակառակորդը քանի մը ժամ կրակ բացած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերու ուղղութեամբ: Վիրաւորուած է Կոթի գիւղի 2 բնակիչ, որոնք պիտի տեղափոխուին Նոյեմբերեանի բժշկական կեդրոն: