Վարդան Պետրոսեան պատիժը պիտի կրէ բաց կարգով

Դերասան Վարդան Պետրոսեան պատիժը պիտի կրի բաց կարգով: Այսօր` Սեպտեմբեր 2-ին, նման որոշում կայացուած է Կոտայքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Աբովեանի նստավայրին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ News.am կայքը:
Նուբարաշէնի քրէակատարողական հիմնարկէն, ուր Վարդան Պետրոսեան մինչեւ հիմա կը կրէր պատիժը, դերասանը այսօր երեկոյեան տեղափոխուած է ժամանակաւոր կացարան, ուր կը սպասէ ՔԿՎ յանձնաժողովի որոշման` յետագայ պատիժը բաց կարգով կրելու պայմաններուն վերաբերեալ:
Յիշեցնենք, որ 2013 թ. Հոկտեմբեր 20-ին, ժամը 21:20-ին Եղուարդ-Երեւան մայրուղիի 32-րդ քմ-ին երկու ինքնաշարժ իրար բախուած էին: Պատահարին հետեւանքով 7 մարդ մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած էր հիւանդանոց, մէջը ըլալով` դերասան Վարդան Պետրոսեան: Աւելի ուշ Էդգար եւ Էդուարդ Յակոբեան եղբայրները մահացած էին:
Փաստի առիթով յարուցուած էր քրէական գործ` ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 242 յօդուածի 3-րդ մասով: Վարդան Պետրոսեան ձերբակալուած էր: Դատաքննութիւնը սկսաւ 2014 թուականի Մարտ 12-ին: Հայաստանի Կոտայքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը 2015թ. Յունուար 29-ին մեղաւոր ճանչցաւ Վարդան Պետրոսեանը` անոր դատապարտելով 5 տարի ժամկէտով ազատազրկման:
Դատախազը եւ տուժող կողմը բողոքարկած էին առաջին ատեանի որոշումը, սակայն Վերաքննիչը անփոփոխ ձգած էր վճիռը: Վճռաբեկը մերժած էր վարոյթ ընդունիլ Յակոբեաններու փաստաբանի հայցը: