Ատրպէյճան պիտի մեկնիմ որպէս խաղաղութիւն տարածող մարդ

Հայ գրոսմայստեր Լեւոն Արոնեան Սենթ Լուիսի մէջ աւարտած շախմատային գերմրցաշարին մէջ սեւ խաղաքարերով ոչ-մէկը խաղցած է Վէսելին Թօփալովի հետ եւ նուաճած ախոյեանի կոչումը:
Խաղէն յետոյ Լեւոն կիսուած է իր տպաւորութիւններով եւ պատմած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, tert.am-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ chess-news.ru-ին:
Թօփալովի հետ խաղին մասին
«Իմ գլխաւոր երկրպագուն մայրս է: Այսօրուան մրցախաղին, երբ կը կասկածի, թէ չարժէ՞ արդեօք յաղթանակի համար պայքարիլ, մտածեցի. «Հարկաւոր է ոչ-մէկուն հետ խաղալ, որպէսզի ծնողներս հանգիստ երթան քնանալու»: Չէ որ անոնք իմ խաղին կը հետեւին Եւրոպայէն, ուր հիմա ուշ ժամ է:
Մրցաշարի ընդհանուր յաղթանակին մասին
«Այս տարի սա դեռ իմ լաւագոյն նուաճումս է: Սովորաբար տարուան մէջ ես մէկ գերմրցաշար կը յաղթեմ: Վերջինը 2014 թուականին Վէյք ան Զէի մէջ էր, եւ ահա, վերջապէս, ատիկա կրկին տեղի ունեցաւ: Այնպէս որ տարուան համար նուազագոյն խնդիրս լուծեցի: Ժամանակն է աւելիի մասին մտածելու»:
Յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին
«Մէկ շաբաթէն կը մեկնիմ Պաքու, իսկ աշխարհի Գաւաթէն յետոյ կը մասնակցիմ Պեռլինի մէջ կայանալիք արագ ճատրակի եւ blitz աշխարհի առաջնութիւններուն:
Պաքուի մէջ կայանալիք աշխարհի Գաւաթի մասին
«Ցաւօք, մեզի` շախմատիստներուս, դժուար է երկու երկիրներու միջեւ առկայ խնդիրներու լուծման շուրջ ինչ-որ բանով օգնել: Բայց չէ որ երաժիշտներն ու այլ ստեղծագործ մասնագիտութիւններու ներկայացուցիչները Ատրպէյճան կը մեկնին որպէս խաղաղութիւն տարածող մարդիկ, եւ ես կը փորձեմ հետեւիլ անոնց օրինակին: Կը փորձեմ ցոյց տալ, որ ես կը յարգեմ մեր հարեւան երկիրը, խաղալ իմ լաւագոյն ճատրակը եւ հաճոյք պատճառել տեղացի ճատրակ սիրողներուն»: