Հակառակորդը Տաւուշի մարզին մէջ համարժէք պատասխան ստացած է հայկական Զինուժէն. Արծրուն Յովհաննիսեան
Տաւուշի մարզի շարք մը գիւղերու ուղղութեամբ հակառակորդը Օգոստոս 31ի երեկոյեան եւ Սեպտեմբեր 1ի առաւօտեան կրակոցներ արձակած է, որոնց մեծ մասը ուղղուած եղած են բնակավայրերուն: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ կրակոցները չեն եղած շատ ուժեղ, տեւական բնոյթ չեն կրած եւ հայկական զինուած ուժերու համապատասխան կանխարգելիչ գործողութիւններու արդիւնքով կրակոցները դադրած են:
«Կրակոցներ եղել են: Դրանք եղել են բնակավայրերի ուղղութեամբ, սակայն այդ կրակոցներն այնքան էլ ուժգին չեն եղել եւ տեւական բնոյթ չեն ունեցել: Հայկակական զինուած ուժերը կարողացել են համարժէք պատասխան տալ եւ հակառակորդի գործողութիւնները դադարեցուել են»,- ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան` աւելցնելով, որ ներկայ դրութեամբ Տաւուշի մարզին մէջ իրավիճակը հանգիստ է եւ հայկական Զինուժը կրկին կը վերահսկէ իրավիճակը:
Պաքուի մէջ Եւրոպական խաղերու աւարտէն յետոյ Ատրպէյճանը կրկին կը խախտէ հրադադարի կարգը ու լարուածութիւն կ’առաջացնէ թէ՛ հայ-ատրպէյճանական, թէ’ Արցախ-ատրպէյճանական սահմանին: Համաձայն ՀՀ ՊՆ եւ ԼՂՀ ՊԲ պաշտօնական հաղորդագրութիւններու` հակառակորդը հիմանականին մէջ կ’օգտագործէ 60, 80, 120 մմ տրամաչափերու ականանետեր:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարած է, որ հայկական Զինուած ուժերը կ’արձագանքեն միայն դիպուկահարներուն եւ թիրախային կրակոցներուն: Անկանոն կրակոցներուն հայկական Զինուժը չի պատասխաներ: