Աստանայի սիմֆոնիկ նուագախումբը իր համերգաշրջանը կը սկսի ՀՀ Անկախութեան օրուան նուիրուած համերգով

Սեպտեմբեր 18-ին Աստանայի սիմֆոնիկ նուագախումբը (գեղ. ղեկավար` Պերիկ Պատիրխան, գլխաւոր խմբավար` Եռնար Նուրտազին) իր համերգաշրջանը կը սկսի ՀՀ Անկախութեան օրուան նուիրուած համերգով, որ կը կայանայ մայրաքաղաքի «Քոնկրէս-հոլլ» սրահին մէջ:

Համերգային ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են Ա. Խաչատրեանի, Ալ. Սպենդիարեանի, Ա. Յարութիւնեանի, Ա. Բաբաջանեանի, Տ. Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները:

Մենակատարներ` Բարսեղ Թումանեան, Սերիկ Տոկպանով, Դաստան Մամիրխանով:

Համերգը կը կազմակերպուի Ղազախստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ:

Scroll Up