Հակառակորդը Կրակած է Բաղանիս եւ Ոսկեւան Գիւղերուն Վրայ, Խանգարելով Սեպտեմբեր 1–ի Ձեռնարկները

Երէկ գիշեր ու այսօր առաւօտեան ատրպէյճանական դիրքերէն գնդակոծած են Տաւուշի մարզի Ոսկեւան եւ Բաղանիս գիւղերը, որուն մասին Tert.am-ին յայտնեցին Ոսկեւան եւ Բաղանիս գիւղապետներ Սերիոժա Ալեքսանեանն ու Նարեկ Սահակեանը:
«Դէ Սեպտեմբերի 1 է, իրենց մօտ խասեաթ է դառնում, միշտ տօնական օրերին կրակում են էլի. Սեպտեմբերի 1, Մայիսի 9, Մայիսի 28, Յունուարի 28 կը լինի, Նոր տարի կը լինի, տենց տօնական օրերին փորձում են իրենց ազգային դիմագիծը ցոյց տան, ամէն ինչ հարամ անեն »,- ըսած է Նարեկ Սահակեան:
Անոր խօսքով` քանի որ կրակած են գիւղի դպրոցի մերձակայքին գտնուող միջպետական ճանապարհի վրայ, Սեպտեմբեր 1–ի տօնական ձեռնարկները արագ աւարտած են:
Վիրաւորներ չկան, վնասուած են քանի մը տուներու ապակէ փեղկեր, ճակատային մասի պատեր:
«Առաւօտը եկան երեխեքն իրենց յանձնարարականները ստացան, գնացին»,- ըսած է ան:
Ոսկեւանի համայնքապետ Սերիոժա Ալեքսանեանն ալ Tert.am—ի հետ զրոյցին ընթացքին նշած է, որ իրենց գիւղի վրայ կրակած են հարաւային ուղղութեամբ: