Այնճարի Մէջ «Դալար Անկիւն»-ի Բացումը

Շաբաթ, 29 օգոստոս 2015-ը տօնական էր բոլոր այնճարցիներուն համար: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին գիւղացիները համախմբուած էին գիւղի կեդրոնական հրապարակին վրայ գտնուող «Դալար անկիւն»-ին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւն` հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան:

Կարօ Փամպուքեան

Կարօ Փամպուքեան

Յակոբ Այնթապլեան,

Յակոբ Այնթապլեան,

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր հայրերը, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, Մխիթարեան ուխտէն հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան, գիւղի միութիւններուն ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

Նախքան պաշտօնական բացման արարողութիւնը, գիւղի հոգեւոր հայրերը օրհնեցին նորակառոյց աւանդական Մուսա լերան թոնիրը եւ վառեցին կրակը, ուր սկսաւ թոնիրի հացի պատրաստութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 100-րդ տարելիցի կեդրոնական մարմինի անդամ Յակոբ Այնթապլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ «օրը տօնական է, որովհետեւ շուրջ 50 տարի ետք Այնճարի քաղաքապետութիւնը մեր ժողովուրդին կը ներկայացնէ նախկին «Դալար անկիւն»-ը նոր տեսքով»: Ան հրաւիրեց դոկտ. Յակոբ Փանոսեանը, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնէ պատմականը «Դալար անկիւն»-ին:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան

Խաչիկ Թոսունեան

Խաչիկ Թոսունեան

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ 1967-էն 1971 ժամանակաշրջանին գործած «Դալար անկիւն»-ի անցեալին` վեր առնելով անոր հիմնադրութեան դրդապատճառները, հիմնադիր երիտասարդ սերունդը եւ տարուած քառամեայ գործունէութիւնը: Ան փոքր յուշապատումներով վերակենդանացուց այդ սերունդի ժամադրավայր հանդիսացած «Դալար ն

անկիւն»-ի պատմութիւնը, որուն  մէջ գլխաւոր դերակատարները Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանի շրջանաւարտից միութիւնն ու ամառնային վարժարանի ուսուցիչները եղած էին: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Այնճարի քաղաքապետութիւնը վերականգնած է «Դալար անկիւն»-ը բոլորովին նոր տեսքով, որ գեղեցիկ է եւ հպարտացուցիչ:

Դոկտ. Փանոսեանի խօսքէն ետք Հայաստանի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւին անունով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Խաչիկ Թոսունեան, որ ողջունեց այնճարցիները այս գեղեցիկ առիթով: Ան բարձր գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ 100-րդ տարելիցի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները` շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, որուն արժանացած էր Այնճար այցելած քառանդամ պատուիրակութիւնը` Հայաստանի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւէն: Ան յուշանուէր մը յանձնեց 100-րդ տարելիցի կեդրոնական մարմինին այս պատմական առիթով:

Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, որ անդրադարձաւ Մուսա լերան ժողովուրդի կարեւորագոյն ժառանգական յատկանիշներէն հայրենասիրութեան, աշխատասիրութեան եւ բարձր արժանապատուութեան: Անդրադառնալով կանաչապատ Մուսա լեռէն անապատ Այնճար հասած հիմնադիր Ա. սերունդին` քաղաքապետը բարձր գնահատեց պայքարելու եւ հայու բարձր արժանապատուութեամբ կեանքը շարունակելու մուսալեռցիներուն վճռակամութիւնը, որ անապատ Այնճարը յաջողած է վերածել նախանձելի գիւղաքաղաքի մը, որով կրնայ հպարտանալ իւրաքանչիւր հայորդի: Ան ըսաւ, թէ «Այնճարի հիմնադրութիւնը շատ սուղ արժած է, տուած ենք շուրջ 1000 զոհ մալարիային, անօթութեան եւ պաղին, սակայն երբեք չենք յուսահատած եւ յաջողած ենք անապատը վերածել ովասիսի»: Քաղաքապետ Փամպուքեան յայտնեց նաեւ, թէ նոր «Դալար անկիւն»-ը ունի երեք բաժիններ, որոնցմէ առաջինը երախտագիտութիւնն է Լիբանանին փիւնիկեան նաւով, երկրորդը հայկական անմար ութանկիւն աստղն է, իսկ երրորդը Մուսա լերան աւանդական հացի ճանապարհն է` սկսած ցորենով, անցնելով կամնելէն եւ կալէն, հասնելով թոնիրին:

Կարօ Փամպուքեանի խօսքէն ետք ներկաները հիւրասիրուեցան նոր թխուած թոնիրի հացով, լոլիկի ու պղպեղի մածուկով եւ եփած մածունով: Նոյն ատեն այնճարցի երեք երիտասարդներ` Դանիէլ Գժտրեան, Վարանդ Հաճեան եւ Շանթ Փալազեան, հանդէս եկան հայկական արդի երաժշտութեան կատարումներով` ջերմացնելով մթնոլորտը:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up