Նախագահ Սերժ Սարգսեան Աշխատանքային Այցով Մեկնած է Արցախ

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցով մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Նախագահը Սեպտեմբեր 1-2 պիտի մասնակցի ԼՂՀ հռչակման 24-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական հանդիսութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

Scroll Up