Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ը չի խոչընդոտեր Մխիթարեանի այցը Պաքու

«Ուրախալի է, որ մեր երկրի ֆութպոլային ակումբները դուրս կու գան ֆութպոլի Եւրոպայի լիկա: Մրցաշարերուն հանդէս եկող որեւէ երկիր կը պարտաւորուի կատարել ՈՒԵՖԱ-ի ընդունուած կանոնները եւ այդ կանոններուն համաձայն իրականացնել հանդիպումներ սեփական յարկին տակ: Ֆութպոլի առանձնայատկութիւնը խմբական խաղն է: Այստեղ հիմք կ’ընդունուին ոչ թէ առանձին անհատներ, այլ ընդհանուր խումբը: Խաղէն կախուած` Ատրպէյճան պիտի ժամանէ ոչ թէ առանձին անհատ, այլ «Պորուսիայի» խումբ»,- armradio-ի փոխանցմամբ` յայտարարած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամլոյ քարտուղար Հիքմէթ Հաճիեւ:
Ըստ ԱՊԱ-ի` Հաճիեւ նշած է, որ այս պարագային Ատրպէյճանի դիրքորոշումը այն է, որ չի կարելի խառնել մարզանքը ու քաղաքականութիւնը եւ օգտագործել մարզանքը քաղաքական նպատակներով: Ինչ կը վերաբերի «սեւ ցուցակին», ապա այստեղ ամէն դէպք կը քննարկուի առանձին, նշած է ԱԳՆ մամլոյ քարտուղարը:
Եւրոպայի լիկայի խմբային փուլին մէջ Տորթմունտի «Պորուսիան» Հոկտեմբեր 22- ին Պաքուի մէջ պէտք է մրցի ատրպէյճակաան «Կապալայի» հետ: Սակայն գերմանական ակումբի յառաջատարներէն Հենրիխ Մխիթարեանի մասնակցութիւնը հարցականի տակ է:
A azerisport.com- ը յայտնած էր, որ պատճառը հայ ֆութպոլիստի Արցախ այցն էր, որուն համար ան կրնայ Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուիլ: