Մեղայ ինչի՞ն…
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/11050655_10206237376638743_4803622008638471569_n.jpg)
ալ ազդէ ու իր մշակոյթն ու բարքը փոխանցէ ուրիշին, այսպէս կամ այնպէս պիտի ազդուի անկէ ամբողջական իմաստով՝ ըլլայ լեզուով, թէ ապրելակերպով:
Միշտ ալ երբ կարդամ եւ կամ լսեմ նախքին սերունդներու պատկանող մարդոց գանգատները եւ կամ մտահոգութիւնները, ինչպէս օրինակ Շ. Շահնուրինը, միշտ նոյն միտքն ու գաղափարն է, որ միտքս կը պատէ. «Եթէ ձեր օրերուն այդպէս էր… իսկ հիմա՞…»: Անցեալին կը գանգատէին, որ ամէն տեղ վախ ու ահ կայ… անապահովութիւն կայ… իսկ այսօ՞ր: Կը գանգատէին որ կայ «աղտոտութիւն», մարդասպանութիւն, գողութիւն, կեղեքում, ձուլում, օտարամոլութիւն, օտար ամուսնութիւն…: Այդ պարագային լաւ որ անոնք մեռած ու հողը դրուած են՝ մեր այմու ժամանակներէն առաջ, թէ ոչ այսօր իրենք եւս ինծի պէս, շուարած եւ ապշած ներկայ իրավիճակին ու եղելութիւններուն դիմաց՝ պիտի շուարէին, թէ ինչի՞ն մեղայ պէտք է ըսեն: Հաւանաբար անցեալի ապրողները երբ գային ու ներկան տեսնէին, իրենց ապրած օրերուն համար երբեք ալ պիտի չգանգատէին, այլ իրենց օրերը փառքի օրեր պիտի նկատէին: Անցեալէն մինչեւ հիմա ինչե՜ր փոխուած են. գրեթէ ամէն ինչ:
Անցեալին Ցեղասպանութեան ատեն Հայ Մայրը իր արիւնոտ ձեռքերով աւազին վրայ հայերէն կը սորվեցնէր… այսօր պատկերը հակառակն է. մայրեր կը հրճուին, կը զմայլին ու կ’ուժաթափուին՝ երբ իրենց մանուկին բերնէն դուրս ելլող մէկ օտար բառ մը լսեն, երբ լսեն, թէ մանուկը անգլերէնով շաբթուայ օրերը արդէն իսկ գիտէ…:
Անցեալին կը մտահոգուէին, որ հայկական աւանդական հարսանեկան բարքերը եւ աւանդութիւնները պահուին…: Այսօր այդ մէկը ընելու առիթը չկայ. այսօրուայ մտահոգութիւնը որոշներու մօտ այն է, որ միայն թէ օտար ամուսնութիւն մը չպատահի. վնաս չէ աւանդութիւնը ըլլայ կամ ոչ:
Անցեալին կը մտածէին ի՞նչ ընել՝ որպէսի սփիւռքի հայութիւնը վերադարձնայ հայրենի հող՝ Հայաստան: Իսկ այսօր այդ մէկը մոռցուած է, որովհետեւ սկսած են մտածել, թէ ո՛չ թէ ինչպէս դուրսինը ներս պէտք է բերել, այլ ներսինը՝ ներս պահել:
Անցեալին մարդիկ կը մտածէին ինչպէ՞ս արժանաւորապէս կերտել պատմութիւնը, ինչպէ՞ս ապրեցնել պատմութիւնը, իսկ այսօր շատ մը հայ երիտասարդներ, հայ պատանիներ Հայոց Պատմութեան դէպքերէն միայն մէկ կամ երկու հատը գիտեն, եւ եթէ այդ ալ անշուտշ կատարեալ ձեւով գիտնան: Անցեալին երբ ղեկավար մը, գործիչ մը իր խօսքը ըսէր, ժողովուրդը ափ ի բերան քարացած կը լսէր անոր խօսքը, իսկ այսօր ով ի՜նչ ուզէ թող խօսի. ամէն մարդ մէյ մէկ գործիչ, մէյ մէկ ղեկավար է իր շրջանակէն ու հաւաքակունութենէն ներս…
Անցեալին փառաշուք խումբ մը մտաւորականներ «կը մրցէին» իրար հետ՝ ստեղծելու համար իսկական հսկայ գրականութիւն. ամէն մէկ գրագէտ իր անձնական կեանքն ու գործը մէկդի դրած, կը փորձէր իր լուման դնել Հայ Գրականութեան գանձանակէն ներս, սակայն այսօր խոշորացոյցով կը գտնուին հեղինակներն ու գրողները, շատ նոսրացած ընթերցողներու խումբով մը ունենալով իրենց շուրջ:
Անցեալին երբ Հայու մը տրուէր օտար անուն՝ մարդիկ կը զարմանային ու կ’ապշէին, որ նորածին մը օտար անունով մկրտուած է հայ ընտանիքէ ներս, իսկ այսօր երբ մանուկ մը ծնի ու զայն հայկական անունով օծեն, հոն իսկական զարմանքը ի յայտ կու գայ. նորածին մանուկ մը ՀԱՅՈՒ անունով, ու կը սկսի գովասանքը, որ «այս ինչ գեղեցիկ հայկական անուն մը դրած էք», մոռնալով որ ճշգրիտն ալ արդէն այդ մէկն է…:
Անցեալին եկեղեցի եւ ժամ չյաճախող երիտասարդ մը, ոչ լաւ աչքով կը դիտուէր շրջապատին կողմէ՝ անհաւատ անուանուելով, իսկ այսօր պատկերը ճիշդ հակառակն է. եթէ երիտասարդ մը եկեղեցի կ’երթայ՝ այդ կը նշանակէ սխալ բան մը կայ… գլուխը լուացուած կը յայտարարուի եւ կը դառնայ ծաղրանքի առարկայ:
Անցեալին անգլերէն խօսող հայ մը բաւականաչափ արժէք կ’ունենար, որպէս պաշտօնեայ ընդունուելու հաստատութենէ մը ներս, պետութեան գրասենեակներէն մէկուն մէջ, իսկ այսօր այդպիսիներ շատ են. Մաքուր եւ ճշգրիտ հայերէն խօսողն է, որ կը պակսի եւ կ’ուզուի, ինչ որ դժբախտաբար շատ չկայ…
Անցեալին երբ օտար երաժշտութիւնը հայ երաժշտութեան հետ խառնուէր հարց կը ծագէր, մարդիկ կը զարմանային ու այդ մէկը իրենց նորութիւն կը դուէր… իսկ այսօր մարդիկ կը զարմանան ու կը մեկնաբանեն ըսելով՝ «հայկական մաքուր երաժշտութիւն է…», երբ կը լսեն երգ մը, որուն մէջ օտարին հոտն ու մատը չկայ…
Անցեալը հաւանաբար շա՜տ շա՜տ աւելի տարբեր էր, անշուշտ բացառութիւնները միշտ եւ միշտ յարգուած:
Իսկ այժմ անցեալի եւ ներկայի բաղդատութեան այս ցանկէն շուարած ու մտահոգ, եկէք միասնաբար մտածենք, թէ մեր օրերուն մենք բոլորս միասնաբար ինչի՞ն մեղայ ըսենք…:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ