Թրքական մամուլ. Ատրպէյճան Հենրիկ Մխիթարեանին մուտքի վիզա չի տրամադրեր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/mkhitaryan-875.jpg)
Ատրպէյճան, հնարաւոր է, մուտքի վիզա չի տրամադրէ ֆութպոլի հայ աստղին: Այս մասին, ermenihaber.am-ի փոխանցմամաբ, կը գրէ թրքական «Superhaber» լրատուական կայքը` յղում ընելով գերմանական «Պիլտ» պարբերականին:
Ըստ աղբիւրի` ՈՒԵՖԱ Եւրոպայի լիկայի ծիրէն ներս Տորթմունտի «Պորուսիայի» եւ ատրպէյճանական «Կապալա» խումբի հանդիպման ամենայն հաւանականութեամբ, չի կրնար մասնակցիլ «Պորուսիայի» կազմին հանդէս եկող հանրայայտ հայ ֆութպոլիստ Հենրիկ Մխիթարեան , քանի որ Ատրպէյճան , հնարաւոր է, թոյլ չտայ անոր մուտք գործել երկիր:
Գերմանական պարբերականը, յիշեցնելով, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տարիներ շարունակ չլուծուող ղարաբաղեան հակամարտութեան պատճառով Ատրպէյճան վերջին շրջանին Հայաստանի քաղաքացիներուն մուտքի վիզա չի տրամադրեր, մտավախութիւն յայտնած է, որ Մխիթարեանին եւս թոյլ չի տրուիր մեկնիլ Ատրպէյճան:
Մինչդեռ Հոկտեմբեր 22-ին ժամը 22:05 –ին կայանալիք խաղին Մխիթարեանի մասնակցութիւնը չափազանց կարեւոր է գերմանական խումբին համար: 26-ամեայ անուանի հայ ֆութպոլիստը վերջին 7 խաղերուն ընթացքին 6 կոլի եւ 8 կոլային փոխանցման հեղինակ դարձած է:
«Պորուսիայի» մամլոյ խօսնակ Սաշա Ֆլիկէն յոյս յայտնած է, որ այս լուրերը սուտ են. «Մխիթարեան վերջին խաղերուն ընթացքին անհաւանական խաղ կը ցուցադրէ եւ մեզի համար չափազանց կարեւոր ֆութպոլիստ է», -ըսած է ան: