Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային Վարժարանի 2015-2016 Տարեշրջանի Վերամուտը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/0000KZV-Opening-Day1.jpg)
Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի 2015-2016 տարեշրջանի վերամուտի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 19ին, առաւօտեան ժամը 8էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ:
Բացման հանդիսութեան առիթով բացառիկ խանդավառութիւն կը տիրէր վարժարանի շրջափակէն ներս, յատկապէս նախկին դասընկերներու վերահանդիպումներով։ Կ՛արժէր ներկայ ըլլալ եւ տեսնել նախամանկապարտէզի աշակերտները, որոնք առաջին տարին ըլլալով մուտք կը գործէին դպրոց։ Ոմանք ուրախ էին, իսկ ուրիշներ լաց ու կոծի դիմած էին՝ ամուր բռնած իրենց ծնողներու ձեռքերէն:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Աշ, Հայ Աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ներսէս Պալապանեան, բարերարներ, գաղութէն ներս գործող մարմիններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ մեծ հայրեր ու մեծ մայրեր, որոնք եկած էին ներկայ գտնուելու եւ հպարտանալու իրենց զաւակներով ու թոռներով:
Վերամուտի հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի ու ԳԶՎի քայլերգներով ու հոգեւոր հայրերու միացեալ աղօթքով:
Ողջոյնի ու բարի գալուստի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց ու իր պատգամը փոխանցեց վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան՝ ըսելով. «Այսօր, հոգեկան անսահման գոհունակութեամբ եւ անհուն հպարտութեամբ միասնաբար կ՛ողջունենք Ծովածոցի միակ հայկական դպրոցի՝ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի ուսումնական 36րդ տարեշրջանը: Աւելիով, հպարտութեամբ կը յայտարարենք, թէ մեր աշակերտութեան թիւը աճ արձանագրած է, եւ ուրախութեամբ կ՛ողջունենք մեր վարժարանի 144 աշակերտները»:
Ապա շարունակելով՝ ան ըսաւ. «Այս օրը ուրախ օր մըն է մեր ուսուցիչներուն ու աշակերտներուն համար, որոնք վերանորոգուած աշխուժութեամբ կը վերադառնան ԳԶՎ Ազգային վարժարան, վերսկսելու համար միտքի ու հոգիի զարգացման, յառաջդիմութեան նուիրական գործը: Այսպէս, Ամերիկայի հեռաւոր այս ափերուն, 35 տարիներ առաջ հաւատքով կառուցուած ԳԶՎ Ազգային վարժարանի նուիրական եւ ջերմիկ յարկին ներքեւ է, որ մեր նոր սերունդը՝ պետական ուսումնական ծրագիրի կողքին, կը շարունակէ հայ լեզուի եւ մշակոյթի ծանօթացումն ու դաստիարակութիւնը, օտար լեզուի եւ գիտելիքներու զուգահեռ»:
Իր խօսքի աւարտին, Կ. Անտոնեան մեծապէս գնահատեց դպրոցի խնամակալ մարմինը, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, Ծնողաուսուցչական մարմինի անդամները, կամաւորները, բարերարներն ու բարեկամները, որոնք իրենց ծառայութեամբ ու նուիրումով կարելի կը դարձնեն կրթական մեր առաքելութեան յաջողութիւնն ու վերելքը, ապա աշակերտներուն մաղթեց բեղուն եւ յաջող տարի մը:
Գաղութի հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան իր պատգամը տալով աշակերտութեան՝ ըսաւ. «Այսօր հոս էք, այս յարկին տակ, Սուրբ Մեսրոպի շունչն է ապահովաբար, որ մղում տուած է ձեր քայլերուն, զսպանակած՝ ձեր հոգին: Վերամուտ է հայկական դպրոցի: Տէրը թող օգնէ ձեզի՝ ձեր այդ ազնիւ գործին մէջ, եւ օրհնէ ձեզ, որպէսզի իր շնորհքով լեցուած՝ ուսումնական յաջող տարեշրջան մը բոլորէք: Թող օրհնէ նոյնպէս ձեր ծնողները, տնօրէնն ու դասատուները, որպէսզի իրենց ազնուական գործը առաւել արդիւնաւոր դառնայ, որպէսզի ձեզ կռեն ու կոփեն Իր կամքին համաձայն՝ ձեզմէ պատրաստելով տիպար քրիստոնեայ հայորդիներ եւ ազնուական մարդեր, որ լոյս դառնաք ձեր շրջապատին մէջ: Հայ ենք մենք: Այդպէս է սահմանած Աստուած, այդպէս է կնքած մեզ պատմութեան էջը: Ուրեմն՝ հա՛յ ապրինք, հայօրէն վարուինք, հայօրէն սիրենք ու նուիրաբերուինք»:
Ազգայնաշունչ ու հայրական օրհնութեան խօսքերով ելոյթներ ունեցան Ս. Յովհանէս եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Աշ եւ Հայ Աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ներսէս Պալապանեան: Յաջորդաբար, յաջողութեան եւ բարգաւաճման տարուան մը մաղթանքներով ելոյթ ունեցան դպրոցի խնամակալ մարմինի անդամներէն եւ ԳԶՎի շրջանաւարտներէն Հրակ Գալըպճեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձուներէն Արա Արչունեան:
Աւարտին, խոստովանանքի արարողութիւնը կատարեցին Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան եւ Մեսրոպ քհնյ. Աշ, որմէ ետք Ս. հաղորդութիւն ստացաւ աշակերտութիւնը՝ առաջնորդուելէ առաջ իրենց դասարանները:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ