Սուրիական ուժերը կանխած են ահաբեկիչներու յարձակումը Իտլիպի նահանգի օդակայանին վրայ

Սուրիական ուժերը օդային ուժերուն հետ միասին կանխած են «Ճապհա ան Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման յարձակման փորձը Իտլիպի նահանգին մէջ գտնուող Ապու Տուհուր օդակայանին վրայ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը, ռազմական գործողութիւններու արդիւնքով մեծ թիւով ահաբեկիչներ սպաննուած են ու վիրաւորուած, ոչնչացուած են անոնց զէնքերը:
Ռազմական աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ Հալէպի մէջ ռազմաօդային ակադեմիոյ մերձակայքը սուրիական օդուժը մեծ վնասներ հասցուցած է ահաբեկիչներուն, ինչպէս նաեւ անոնց պատկանող սարքաւորումներուն: Բացի այդ սուրիական օդուժը Տարաայի շրջանի Տաիլ գիւղաքաղաքին մէջ «Ճապհա ան Նուսրա»-ի հաւաքատեղիներու ռմբակոծման արդիւնքով աւելի քան 100 ահաբեկիչներ սպաննուած են: Արդէն երկրորդ օրն է, որ կը շարունակուի Զապատանիի զինադադարը զինուած խմբաւորումներուն եւ «Հըզպոլլահի» եւ սուրիական բանակին միջեւ:
Սուրիական բանակը աւելի քան չորս տարի անընդմէջ պայքար կը մղէ տասնեակ զինուած խմբաւորումներու դէմ` փորձելով երկրին մէջ վերականգնել կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը:
ՄԱԿի տուեալներով` սուրիական հակամարտութեան ընթացքին զոհերու թիւը գերազանցած է 220 հազարը: