ԱՄՆ-ի մէջ կը բացուի Օսմանեան ժամանակաշրջանի հայ նկարիչներ Տիլտիլեան եղբայրներու լուսանկարներու ցուցահանդէսը

ԱՄՆ Հարաւային Քոնեքտիքուտի պետական համալսարանին մէջ Սեպտեմբեր 10-էն Հոկտեմբեր 18 պիտի բացուի Տիլտիլեան եղբայրներու ընտանեկան արխիւէն ընտրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Լուսանկարները կը պատկանին 1872-1923 թուականներուն: Ընտանիքի երրորդ սերունդի ներկայացուցիչ Արմէն Ցոլակ Մարսուբեանի հաւաքած լուսանկարներու հաւաքածուին մէջ կայ 900 լուսանկար:
The Armenian Mirror Spectator շաբաթաթերթի փոխանցմամբ` լուսանկարներու ցուցադրութիւնը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան, կը գրէ Արցախփրէսը:
19-րդ դարու Անատոլիոյ հասարակական կեանքը եւ Հայոց ցեղասպանութեան շարք մը դրուագներ պատկերող լուսանկարներու հաւաքածուն այժմ կը պատկանի Հարաւային Քոնեքտիքուտի պետական համալսարանի փրոֆէսոր Արմէն Մարսուբեանին եւ Ցոլակ Տիտիլեանին: Ցոլակ եւ Արամ Տիլտիլեանները լուսանկարիչներ եղած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ աշխատած են Մերզիֆոնի Անատոլիա քոլեջին մէջ:
Անգլալեզու շաբաթաթերթի հաղորդմամբ` ցուցահանդէսի բացման արարողութեան Հարաւային Քոնեքտիքուտի պետական համալսարանի տնօրէն Մերի Փափազեան համալսարանի նախագահի մետալով կը պարգեւատրէ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի տնօրէն Ռուբէն Միրզախանեանին` Հայաստանի մէջ կրթութեան որակը բարձրացնելու համար:
Լուսանկարներու ցուցահանդէսը ցուցադրուած է Սթամպուլի, Մերզիֆոնի եւ Տիարպերքիրի մէջ: Կը նախատեսուի ցուցադրութիւն կազմակերպել նաեւ Լոնտոնի, Անգարայի, Երեւանի եւ Ուոթերթաունի մէջ: