Արցախի Հանրապետութեան 24-րդ Տարեդարձը Պիտի Նշանաւորուի Ստեփանակերտի Մէջ Թումոյի Բացումով

Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրը` Սեպտեմբեր 2-ին, Ստեփանակերտի մէջ պիտի կայանայ Թումո ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին բացումը:

Թումո  ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի հաղորդակցութեան բաժինին տուած տեղեկութիւններով` ծրագիրը հասանելի պիտի ըլլայ 500-1000 ուսանողներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը Թումո պիտի յաճախէ շաբաթական երկու օր ու պիտի սորվի կեդրոնի չորս հիմնական ոլորտներու` անիմացիայի, ֆիլմերու ստեղծման, կայքերու մշակման ու խաղերու ստեղծման հիմունքները: Ուսանողները նաեւ պիտի ստանան 21-րդ դարուն բնորոշ այնպիսի հմտութիւններ, որոնք են 3D մոտելաւորումը, ռոպոթաշինութիւնը, լուսանկարչութիւնը, կրաֆիքական ձեւաւորումը եւ այլն:

Ստեփանակերտի կեդրոնին մէջ ուսանողներու արձանագրութիւնը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 14-ին, իսկ Հոկտեմբերին պիտի սկսին դասերը:

Արցախի մէջ Թումոյի նախագիծը իրականացած է Սիմոնեան կրթական հիմնադրամի եւ Հայկական ընդհանուր բարեգործական հիմնադրամի համագործակցութեամբ: Բացման հանդիսութեան ներկայ պիտի ըլլան Սիմոնեան կրթական հիմնադրամի ղեկավար Սեմ Սիմոնեանը եւ ՀԲԸՄ Հայաստանի ղեկավար Վազգէն Եագուպեանը:

ՀԲԸՄ-ը պիտի ստանձնէ կեդրոնի բոլոր գործառնական ծախսերը, ինչպէս նաեւ կեդրոնի մեկնարկային ծախսերը` ԹումոxՀԲԸՄ համագործակցութեան ծիրէն ներս, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պիտի
տրամադրէ տարածք Ստեփանակերտի կեդրանական հատուածին մէջ գտնուող պատմական շէնքին մէջ: Շինութեան վերանորոգումը իրականացած է Ղարաբաղ Տելեկոմ ընկերութեան նուիրատւութեան շնորհիւ:

Նշենք, որ Թումոն անվճար արտադպրոցական ծրագիր է, որուն առաջին կեդրոնը բացուած է Երեւանի մէջ 2011-ին, երկրորդը` Դիլիջանի մէջ` 2013-ին: ԹումոxՀԲԸՄ համագործակցութեամբ 2015-ի Մայիսին բացուած է Գիւմրիի Թումո կեդրոնը: Համագործակցութիւնը կը միտի տարածել Թումոն Հայաստանի տարբեր քաղաքներով եւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս:

Scroll Up