Ձեռք բերուած արժէքները պէտք է փոխանցուեն ապագայ սերունդներին. Սէյրան Օհանեան

Ծաղկաձորի մէջ մեկնարկած է «Յաղթանակի ժառանգները 2015» ռազմամարզական հաւաքի աւարտական ձեռնարկը:
Արցախփրէսի փոխանցմամբ` ձեռնարկին ներկայ էր ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
Լրագրողներուն հետ զրոյցին Սէյրան Օհանեան կարեւոր համարած է այս ձեռնարկի իրականացումը` շեշտելով, որ գոհ է ընթացքէն եւ արդիւնքներէն: Նախարարին խօսքով` ամենակարեւորը այն է, որ մրցումները իրականացուած են բարիդրացիական մթնոլորտի մէջ, եւ յաղթած է միասնութիւնն ու բարեկամութիւնը: «Ես բազմիցս կրկնել եմ, որ իմ եւ իմ նախորդ սերնդակիցների ձեռք բերած արժէքները պէտք է փոխանցուեն ապագայ սերունդներին, որպէսզի ձեռքբերումներն ու յաղթանակներն ապարդիւն չլինեն: Այս միջոցառումը դրա վառ վկայութիւններից մէկն է. շատ կարեւոր է, որ պատանիները ստացել են նաեւ ռազմական գիտելիքներ, շփուել միմեանց հետ եւ բացայայտել նոր մարդկանց, նոր երկրներ»,- ընդգծած է Օհանեան:
Ձեռնարկին ընթացքին մասնակից երկիրներու ներկայացուցիչները կը ներկայացնեն մշակութային ձեռնարկներ, պարային կատարումներ, թատերական փոքրիկ համարներ:
«Միութիւն 2015. յաղթանակի ժառանգները» ռազմամարզական հաւաքը նուիրուած է Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի 70-ամեակին. նպատակն է երեխաներուն մէջ հայրենասիրութիւն, ընկերութիւն, բարեկամութիւն սերմանելը: Հաւաքին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած բոլոր պատանիները, բացի մրցոյթներուն մասնակցելէն այցելած են նաեւ թանգարաններ, Ծիծեռնակաբերդ, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, Էջմիածին, Մատենադարան:
Հայաստանէն հաւաքին կը մասնակցի 4 խումբ` Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմական ուսումնարանը, ԵԿՄ-ի, Փոքր Մհեր եւ Տիգրան Մեծ կրթահամալիրներու պատանի ներկայացուցիչները: ԼՂՀ-էն ռազմամարզական հաւաքին կը մասնակցին Իւանեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի սաները: