1915թ․ սպաննուած սուրիացի եպիսկոպոսը Վատիկանը պիտի սրբադասէ Օգոստոս 29-ին

Թուրքիոյ մէջ 100 տարի առաջ, ըստ News.am-ի` կը գրէ իտալական Il Messaggero-ն:

Ֆլաւիոս Մելքին նախորդ դարասկիզբին տեղի ունեցած ցեղասպանութեան զոհերէն է:

Սուրիացի կաթոլիկ եպիսկոպոսին նահատակ կը յայտարարեն Օգոստոս 29-ին: Հանդիսաւոր պատարագը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ, պատարագին պիտի  մասնակցին Լիբանանի, Սուրիոյ ու Իրաքի արեւելեան եկեղեցիներու բազմաթիւ պատրիարքներ:

Արարողութիւնը պիտի վարէ Սուրիոյ կաթոլիկ պատրիարք Իկնատիոս Յովսէփ Գ-ը: Նահատակ ճանչնալու մասին հրամանը կ’ընթերցէ քարտինալ Անճելօ Ամատօն` Վատիկանի գործերով ժողովի ղեկավարը:

Մելքին սպաննուած է իր հաւատքին պատճառով 1915 թ Օգոստոս 29-ին, Ճեզիրի մէջ, որ հիմա կը գտնուի ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ:

Ան ծնած է 1858 թ Մարտինէն ոչ հեռու գտնուող  գիւղի մը մէջ, որ աւելի ուշ դարձած է դաժան կոտորածներու վայր: 1913 թ անոր նշանակած են Կազարտայի եպիսկոպոս: 1915թ ամրան ան որոշած է վերադառնալ Մարտին, երբ  լսած է, որ այդ քաղաքին մէջ զանգուածային սպանութիւններ կը նախապատրաստեն:

Օգոստոս 28-ին օսմանեան իշխանութիւնները ձերբակալած են զինք` այդ նոյն քաղաքի քաղդէական եպիսկոպոսին հետ միասին: Ականատես իսլամներու պատմելով` երկու եպիսկոպոսներուն ալ սպաննած են, երբ անոնք հրաժարած են իսլամութիւն ընդունիլ:

 

Scroll Up