FoxNews. Պատերազմական գօտիէն զբօսաշրջային դրախտի վերածուած Հայաստան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/Հայաստան-300x225.jpg)
FoxNews պարբերականը հրապարակած է ցանկ, ուր կը խօսուի պատերազմի տառապանքէն անցած, սակայն ներկայիս զբօսաշրջային դրախտավայրի վերածուած երկիրներուն մասին` կը գրէ panorama.am-ը:
Առանձնացուած 9 երկիրներու շարքին մէջ է նաեւ Հայաստան:
«Հայաստանի համար բնականոն կեանքի ընթացքի խաթարումները խորթ չեն: Մայրաքաղաք Երեւանը 1512-1735թթ-ի ընթացքին տասնեակ անգամներ փոփոխութիւններ կրած է, սակայն հայերու յիշողութեան մէջ ամենամեծ հետքը ձգած է Ցեղասպանութիւն արհաւիրքը, որ տեղի ունեցած է 1915-18թթ-ի ընթացքին: Այսօր Հայաստան դարձած է սիրուած նպատակակէտ ոչ մեծ պիւտճէով եւրոպացի ճանապարհորդներու համար: Անցած տարուան ընթացքին արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու թիւը Հայաստանի մէջ հասաւ 1,2 միլիոնի, որ մօտ 11,3 տոկոսով կը գերազանցէր ատոր նախորդած տարուան ցուցանիշը: Լեռնային ու ամուր բնավայրը արշաւներու ու բացօթեայ ձեռնարկներու համար հրաշալի նախապայման կը ստեղծէ: Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն աշխարհի մէջ առաջինը ընդունած Հայաստանը կրնայ հպարտանալ անհամար վանական համալիրներով ու եկեղեցիներով, որոնք բոլորն ալ անվճար են այցելելութեան համար: Բացի այդ հասարակական փոխադրամիջոցները վստահելի ու ապահով են, հերթեր ու խցանումներ շատ չկան, եւ ամէն ինչ համեմատաբար արժան է: 5 աստղանի հիւրանոցի մէջ նախատեսէք վճարել մօտ 130 տոլար մէկ գիշերուան համար»,- կը նշուի Հայաստանի մասին «Foxnews»-ի յօդուածին մէջ:
Հայաստանի հետ զբօսաշրջային դրախտավայրերու ցանկին վրայ յայտնուած են նաեւ Գոլումպիան, Հարաւաֆրիկեան Հանրապետութիւնը, Նիքարակուան, Հիւսիսային Իռլանտան, Ռուանտան, Խորուաթիան, Մեանման (Պիրմա) եւ Ճամայքան: