Աթէշեան խօսած է Վանի պատարագը չեղեալ յայտարարելու դրդապատճառներուն մասին

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան խօսած է Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Սեպտեմբեր 6-ին նախատեսուած պատարագը չեղեալ յայտարարելու դրդապատճառներուն մասին: Ըստ «Demokrathaber» լրատուամիջոցի` Աթէշեան նշած է, որ պատարագի չեղեալ յայտարարումը, եղած է առաջին հերթին  անվտանգութեան նկատառումներէն ելլելով,«Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ ermenihaber.am-էն:

Պոլսոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդը ընդգծած է, որ պատարագի յետաձգումը պայմանաւորուած է վերջերս Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող թուրք-քրտական բախումներուն հետեւանքով ստեղծուած լարուած իրավիճակով:

«Տեղի ունեցող իրադարձութիւններու պատճառով  մեր համայնքի անդամներուն մօտ վախ կայ եւ անոնք կը խուսափին այդ շրջանները երթալէ: Մենք ալ, պատարագի եւ արարողութեան մասնակիցներու անվտանգութիւնը ապահովելու պատճառով, որոշոցինք Սեպտեմբեր 6-ին նախատեսուած պատարագը չեղեալ յայտարարել: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ պատարագը  ընդհանրապէս տեղի չունենար: Երկրին մէջ իրավիճակը կայունանալէն յետոյ պատարագը կ’իրականանայ» , -ըսած է Աթէշեան:

Անդրադառնալով բախումներուն` Աթէշեան նշած է, որ հակամարտող կողմերը հանդիպելով իրար հետ, պէտք է փոխհամաձայնութեամբ լուծեն այս հարցը:
«Կառավարութիւնը պէտք է այս խնդիրը անպայման խաղաղութեամբ լուծէ: Կրակի  դադարեցումը երկրի շահերէն կը բխի: Եթէ այսպէս շարունակուի, ապա այս իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ ապրող որեւէ ցեղային խումբի մեծ վնաս կը հասցնէ»,- եզրափակած է Աթէշեան:

Scroll Up