«Գէորգ Դ. եւ իւր ժամանակը».Նոր հրատարակութիւն Մայր Աթոռէն ներս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/girq2.jpg)
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է Վահրամ եպիսկոպոս Մանկունիի «Գէորգ Դ. եւ իւր ժամանակը (1812-1882)» երկը, որ նախապէս հրատարակուած էր Փարիզի մէջ «Վէմ» ամսագիրի 1933-1937 թթ. համարներուն մէջ:
Գիրքը նուիրուած է Հայոց Եկեղեցւոյ ամենանշանաւոր դէմքերէն Ամենայն Հայոց Գէորգ Դ. Կոստանդնապոլսեցի Կաթողիկոսին (1866-1882 թթ.): Ժամանակի իրադարձութիւններուն քաջատեղեակ եւ շատ յաճախ անմիջական մասնակից Վահրամ եպիսկոպոս սոյն ուսումնասիրութեամբ ոչ միայն կը ներկայացնէ Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի ստոյգ կենսագրութիւնը, այլեւ տուեալ ժամանակաշրջանի Հայոց Եկեղեցւոյ վաւերական պատմութիւնը:
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հիմնադրման 140-ամեակին նուիրուած այս հրատարակութիւնը աշխատասիրած եւ ծանօթագրած է Գէորգեան ճեմարանի դասախօս պ.գ.թ., Պետրոս Հ. Յովհաննիսեան:
Գիրքը տպագրուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ: