Յայտնի են աշխարհի առաջնութիւն մեկնող ըմբիշներու անունները

Յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի ազգային հաւաքականը Սեպտեմբեր 4-ին կը մեկնի ԱՄՆ-ի Լաս Վէկաս քաղաք` մասնակցելու աշխարհի առաջնութեան, ուր մետալներէն բացի պիտի խաղարկուին նաեւ Ռիօ տէ Ժաներոյի ողիմպիական խաղերու վարկանիշեր: Ներկայիս մեր ընտրանին գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանի ղեկավարութեամբ հայաստանեան վերջին ուսումնամարզական հաւաք կ’իրականացնէ Երեւանի մէջ:

Լեւոն Ջուլֆալակեան Aravot.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ մարզչական անձնակազմը երէկ որոշած է, թէ որոնք պիտի մեկնին ԱՄՆ եւ տրամադրեց ըմբիշներու անունները: Անոնք են. 59 քկ` Ռոման Ամոյեան, 66` Միհրան Յարութիւնեան, 71` Վարշամ Բորանեան, 75` Արսէն Ջուլֆալակեան, 80` Էդուարդ Մարգարեան, 85` Մաքսիմ Մանուկեան, 98` Արթուր Ալեքսանեան, 130` Էտկար Խաչատրեան:

Լուսանկարը` mediamax.sport.am-էն

 

Scroll Up