Հայաստանի Բարձր Վարկանիշը Միջազգային Ցուցակի Վրայ. Իրականութի՞ւն, Թէ՞ Տպաւորութիւն

Աշխարհի 152 երկիրներու «Մարդու ազատութեան ցուցանիշ»-ի վերջին զեկոյցին մէջ զարմանալիօրէն Հայաստանին տրուած է բարձր վարկանիշ: Ուսումնասիրութիւնը համատեղ իրականացուած է Ուաշինկթընի «Քաթօ»-ի հիմնարկի, Վանքուվըրի Ֆրէյզըրի հիմնարկի եւ Պերլինի Ֆրիտրիխ Նաումանի անուան յանուն ազատութեան հիմնադրամին կողմէ: 108 էջերէ բաղկացած համապարփակ զեկոյցը երկիրները կը դասէ ըստ քաղաքացիներու անհատական, քաղաքացիական եւ տնտեսական ազատութիւններուն:

Դասակարգումը հիմնուած է 76 տարբեր ցուցանիշներու վրայ` խմբաւորուած 12 անուանակարգերու մէջ.

– Օրէնքի գերակայութիւն

– Ապահովութիւն եւ անվտանգութիւն

– Շարժում

– Կրօն

-Միութիւն, հաւաք եւ քաղաքացիական հասարակութիւն

– Արտայայտութիւն

– Կառավարութեան մեծութիւն

–  Իրաւական համակարգ եւ սեփականութեան իրաւունք

–  Դրամական միջոցներու մատչելիութիւն

– Միջազգային առեւտուրի ազատութիւն

– Վարկային, աշխատանքային եւ գործարար օրէնսդրութիւն:

Ըստ «Մարդու ազատութեան ցուցանիշ»-ին` աշխարհի տասը լաւագոյն երկիրներուն մէջ են՝ Հոնկ Քոնկը, Զուիցերիան, Ֆինլանտան, Դանիան, Նոր Զելանտան, Քանատան, Աւստրալիան, Իրանտան, Անգլիան եւ Շուէտը: Միացեալ Նահանգները 20-րդ դիրքի վրայ են:

Անցեալ շաբաթ հրապարակուած 2012 թուականի տուեալներուն համաձայն, Հայաստան աշխարհին մէջ 53-րդն է, աւելի բարձր, քան անոր հարեւաններէն շատերը` Ատրպէյճանը (126-րդ), Թուրքիան (62-րդ), Իրանը (152-րդ), եւ փոքր զիջում մը՝ Վրաստանին (48-րդ):

Հայաստանի տպաւորիչ վարկանիշը կը բացայայտէ աւելի ապշեցուցիչ գնահատական, երբ նկատի ունենաս այդ դասակարգման երկու հիմնական բաղադրիչները. Հայաստանը աշխարհի մէջ կը գրաւէ 17-րդ դիրքը տնտեսական ազատութեան, եւ 70-րդը` անձի ազատութեան ցուցանիշներուն մէջ…

Հայաստանի վարկանիշը ես «զարմանալի» որակեցի այն պատճառով, որ ժողովուրդին մեծ մասը հաւանաբար չէր ակնկալեր նման բարձր գնահատական՝ հաշուի առնելով ղեկավարութեան նկատմամբ մնայուն քննադատութիւնը, ինչպէս երկրի մէջ, այնպէս ալ՝ անկէ դուրսը: Թէեւ ճիշդ է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը բազմաթիւ թերութիւններ ունի եւ արժանի է քննադատութեան, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ իշխանութիւնները կարգ մը բաներ ճիշդ ըրած են Հայաստանի համար, որ իր վարկանիշով «Մարդու ազատութեան ցուցանիշով» գերազանցած է այնպիսի ազդեցիկ երկիրներ, ինչպիսիք են՝ Արժանթինը, Պրազիլը, Չինաստանը, Եգիպտոսը, Հնդկաստանը, Իրանը, Քուէյթը, Մեքսիքան, Քաթարը, Ռուսիան, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան, Ուքրանիան եւ Վենեզուելան:

Ժողովուրդին կողմէ Հայաստանի ընկալման եւ իրականութեան միջեւ առկայ այս հակասութեան հաւանական  բացատրութիւնը այն է, որ Հայաստանի պաշտօնեաները վատ աշխատանք տարած են երկրի ձեռքբերումները գովազդելու համար: Հակառակ պարագային, մեծ թիւով հայեր այսպիսի բացասական տպաւորութիւն չէին ունենար իրենց հայրենիքին մասին:

Այս միտքը պարզաբանելու համար առնենք օրինակը Սինկափուրին, երկիր մը, որ յաջողութեամբ կը գովազդէ իր նուաճումները եւ բարձր կը գնահատուի ամբողջ աշխարհի մէջ՝ իբրեւ լաւ կառավարման, արագ տնտեսական զարգացման եւ բարեկեցիկ կենսապայմաններու նախատիպ: Հակառակ անոր որ կասկածէ վեր է, որ այս «ասիական վագրը» ձեռքբերումներու տպաւորիչ ցուցանիշ սահմանած է, սակայն զարմանալի է, որ Սինկափուրը վարկանշային ցուցանիշով աշխարհի մէջ կը գրաւէ 43-րդ դիրքը` ընդամէնը 10 կէտով առաջ անցնելով Հայաստանէն «Մարդու ազատութեան ցուցանիշ»-ով: Եթէ ուշադրութիւն դարձնենք Սինկափուրի շուրջ ստեղծուած աղմուկին, կարելի էր ենթադրել, որ այդ երկիրը պէտք է տեղ գրաւէ լաւագոյն տասնեակին մէջ, իսկ Հայաստանը ըլլար 100-րդը՝ հաշուի առնելով վերջինիս հասցէին մշտապէս հնչող քննադատութիւնները:

Ինչպէս կ՝ըսեն՝ «տպաւորութիւնը իրականութիւն է»: Ըստ էութեան, տպաւորութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան՝ իրականութիւնը, քանի որ մարդիկ ամէն ինչ կը դատեն իրենց սեփական տպաւորութիւններուն հիման վրայ, անկախ անկէ, թէ անոնք որքա՛ն կը տարբերին իրականութենէն: Օրինակ, վերջին տարիներուն Հայաստանը շարք մը միջազգային զեկոյցներու մէջ գրաւած է շատ բարձր դիրքեր, քան կը սպասուէր: Սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը երբեք չէ գովազդած այս կարեւոր վարկանիշները՝ ատով իսկ ձախողեցնլով երկրի համար դրական երեւոյթին ստեղծումը, որ կրնար գրաւիչ ըլլալ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու եւ ներդրողներու համար:

Հետաքրքրական է, որ Հայաստանէն շատ աւելի բարեկեցիկ երկիրներ ետ մնացած են «Մարդու ազատութեան ցուցանիշ»-ին մէջ, որ կրնայ նշանակել, թէ երկրի հարստութիւնը, Ատրպէյճանի պարագային` քարիւղի բազմամիլիառանոց եկամուտները, բարեկեցութիւն կամ ազատութիւն չեն երաշխաւորեր իրենց քաղաքացիներու համար…

Սակայն, հաշուի առնելով Հայաստանի համեմատաբար բարձր վարկանիշը՝ անոր ղեկավարութիւնը այլեւս չի կրնար արդարանալ, թէ երկրի զարգացումը կը կաղայ նիւթական եւ բնական պաշարներու սահմանափակութեան պատճառով: Ամէն ինչ կախեալ չէ փողէն: Քանի որ Հայաստանը տնտեսական ազատութեան ցուցանիշով կը գրաւէ 17-րդ դիրքը, ուստի արդարացում չի կրնար ըլլալ անձի ազատութեան ցուցանիշով 70-րդ դիրքը գրաւելուն համար: Վերջին ցուցանիշը կրնայ մեծապէս բարելաւուիլ պետութեան կողմէ՝ առանց դրամ մը իսկ ծախսելու: Միայն անհրաժեշտ են հոգատար պետական պաշտօնեաներ, որոնք յանձնառու պիտի ըլլան բարելաւելու ժողովուրդին բարեկեցութիւնը:

Հայաստանի ղեկավարութեան մեծագոյն բացը ոչ թէ նիւթական միջոցներու, այլ հասարակութեան վստահութեան պակասն է: Իշխանութիւնները կրնան վերականգնել քաղաքացիներուն վստահութիւնը ջանադրաբար աշխատելով, որպէսզի կարողանան բարելաւել անոնց կենսապայմանները, եւ միայն անկէ ետք հասարակութեան դրական ընկալումը պիտի համապատասխանէ Հայաստանի համաշխարհային վարկանիշի իրականութեան:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Թարգմանեց`

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up