Մոնթեպելլոյէն Ստեփանակերտ Ճամբայ Ելած Հրշէջներու Կառքը Արդէն Արցախ Է

ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Մոնթեպելլօ քաղաքի հրշէջներուն կողմէ գործածուած կառքը, որ իր սպասարկութիւնները պիտի շարունակէ Մոնթեպելլօ քաղաքի «քրոջ»՝ Ստեփանակերտի մէջ, արդէն իսկ Արցախ հասած է, Հայաստանի վրայով։
Հրշէջներու կառքին նուիրատուութիւնը իրականացած էր շրջանի ՀՅԴի «Դրօ» կօտմիտէին ջանքերով։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: