The Daily Californian¬ հրապարակած է «ճանապարհորդութիւն Հայաստանով» վերտառութեամբ յօդուած

Եւրոպայի եւ Ասիոյ սահմանին` Հարաւային Կովկասի մէջ տեղակայուած փոքրիկ Հայաստան աշխարհի հնագոյն պետութիւններէն է: Այն քրիստոնէութիւնը պետականօրէն առաջինը ընդունած ազգն է եւ ունի մեծ մշակութային պատմութիւն:

Հիմնադրուելով Ք.ա. 6-­րդ դարուն` այսօր Հայաստան մօտ 3 մլն բնակչութեամբ ժողովրդավարական հանրապետութիւն է: Հայաստանի սահմաններէն դուրս կը բնակի 8 մլն հայ, որոնց գերակշռող մասը 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրածներու ժառանգներ են: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ` այս մասին կը գրէ The Daily Californian պարբերականի զբօսաշրջային պլոկը` «ճանապարհորդութիւն Հայաստանով» խորագիրով յօդուածին մէջ:

Սեւանի լիճի մասին յօդուածին մէջ կը  նշուի, որ լիճի ջուրը մաքրամաքուր է, կատարեալ լողալու, առագաստանաւային մարզաձեւի, (Paraglider) պարապլաներային մարզաձեւի, նաւարկութեան եւ ջրային այլ ժամանցի ձեւերու համար: Այնտեղ կը բնակի իշխան ձուկը:

Արագածոտնի մարզի Արտաշաւան գիւղին մէջ` Արագած լերան արեւելեան լանջին  կը գտնուի Հայոց այբուբենի յուշարձանը, որ կառուցուած է 2005 թուականին` հայոց գիրերու ստեղծման 1600-­ամեակի առթիւ: Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած այբուբենը 1610 տարեկան է, այն ունի 39 տառ: Մաշտոցեան այբուբենը ի սկզբանէ բաղկացած էր 36 տառերէ, որ ամբողջացուած է միջին դարերուն:

Անդրադարձ  կատարուած է նաեւ մայրաքաղաք Երեւանէն 2 ժամ հեռաւորութեան վրայ  գտնուող Դիլիջան քաղաքին, որ The Daily Californian­ն անուանած է հայաստանեան «Զուիցերիա»:

Իսկ Դիլիջան քաղաքէն 18 քմ հեռաւորութեան վրայ վեր կը խոյեանայ Հաղարծինի` 10­-րդ դարու հայկական վանքային համալիրը:

Պարբերականի պլոկը հրապարակած է լուսանկարներու շարք` հայեացք նետելով Հայաստանի` ապշեցուցիչ գեղեցկութիւն ունեցող տեսարժան վայրերուն:

Scroll Up