Նինոծմինտայի շրջանի բնապահպան-գաղթականներուն կը տրամադրուին հողատարածքներու եւ տուներու սեփականութեան փաստաթուղթեր
Վրաստանի Փախստականներու եւ գրաւուած տարածքներէն տեղահանուած անձանց հարցերով նախարար Սոզար Սուպարին եւ Սամցխէ-Ջաւախքի նահանգապետ Ակակի Մաջուտաձեն Օգոստոս 23-ին այցելեցին Նինոծմինտայի քաղաքապետարան: Այս մասին կը հաղորդէ www.Akhaltskha.Net կայքը:
Նախարարի այցելութեան նպատակն էր ուսումնասիրել, թէ ինչ պայմաններու մէջ կ’ապրին Աճարիայէն Նինոծմինտա տեղափոխուած բնապահպան-գաղթականներ, որոնց 1200 ընտանիքէն 91-ին արդէն պիտի տրուին բնակելի տուներու եւ հողատարածքներու սեփականութեան փաստաթուղթեր: Այժմ կ’ընթանան տուներու եւ հողատարածքներու գծագրման աշխատանքները:
Նինոծմինտայի աճար բնակիչներու հետ հանդիպումէն յետոյ նախարարը, նահանգապետը եւ քաղաքապետարանի ղեկավարները այցելեցին նաեւ Նինոծմինտայի հիւանդանոցը, ուր հանդիպեցան բուժանձնակազմին հետ եւ հետեւեցան հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցող վերանորոգման աշխատանքներուն:
Բացի ատկէ, քաղաքապեարանի շէնքի նիստերու դահլիճին մէջ իրականացուեցաւ հանդիպում քաղաքապետարանի աշխատակիցներուն եւ հասարակութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ, ուր խօսուեցաւ բնակչութիւնը յուզող հիմնախնդիրներու շուրջ: