ԱՄՆ-ը պատրաստ է Սուրիայէն 10 հազար փախստականներ ընդունիլ երկու տարուան ընթացքին

ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները պատրաստ են երկու տարուան ընթացքին մինչեւ 10 հազար փախստականներ ընդունիլ Սուրիայէն: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս-ը, յայտարարած է Պետական բաժանմունքի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ճոն Քիրպին:
«Մենք պատրաստ ենք Սուրիայէն 12 հազար փախստականներ ընդունիլ ընթացիկ ֆինանսական տարուան եւ հինգէն մինչեւ ութ հազար` 2016 ֆինանսական տարուան ընթացքին»,- ըսած է ան լրագրողներուն: Քիրպին յիշեցուցած է, որ ՄԱԿի փախստականներու գործերու գերագոյն յանձնախումբի վարչութեան ցուցակներուն մէջ ներառուած է մինչեւ 15 հազար սուրիացի:
Ինչպէս ընդգծած է Պետական բաժանմունքի ներկայացուցիչը, «Փախստականներու ընդունումը ցուցաբերուող աջակցութեան կողմերէն մէկն է, սակայն խօսքը կը վերաբերի նաեւ օգնութեան ապահովման, քանի որ անոնց մեծ մասը կը ցանկայ վերադառնալ տուն»,- հաղորդած Է ՌԻԱ Նովոստին: