Կեանքէն հեռացած է ՀՀ ժողովրդական արուեստագիտուհի Վարդուհի Խաչատրեան

ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը խոր վիշտով կը տեղեկացնէ, որ ս. թ. Օգոստոս 23-ին, 88 տարեկանին, կեանքէն հեռացած է ՀՀ ժողովրդական արուեստագիտուի Վարդուհի Խաչատրեան: Վարդուհի Խաչատրեանի մահուան կապակցութեամբ կը ստեղծուի թաղման կառավարական յանձնաժողով: Վարդուհի Խաչատրեան ծնած է Գիւմրիի մէջ: 18 տարեկան հասակին տեղափոխուած է Երեւան: 1945-1948 թուականներուն յաճախած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանի վոկալի բաժինը, 1949-1951թուականներուն` Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը: Դասաւանդած է, եղած է փրոֆէսոր: Համերգներով եղած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, արժանացած է շարք մը մրցանակներու, պատուոգիրներու: