Սլովաքիան յայտարարած է, որ կ’ընդունի միայն Սուրիոյ քրիստոնեայ փախստականները

Սլովաքիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է, որ Սուրիոյ բոլոր փախստականներէն կ’ընդունի միայն քրիստոնեաներուն, քանի որ իսլամները չեն կրնար յարմարիլ հասարակութեան, tert.am-ի փոխանցմամբ` կը գրէ BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը:

Եւրոմիութեան ծրագիրին համաձայն` մօտ 40 հազար փախստական կը տեղաւորուի ողջ ԵՄ մէջ` «quota» բաժիններու համակարգով: Այդպէս, Սլովաքիան պէտք է ընդունի 200 փախստականի, որոնք այժմ կը գտնուին Իտալիոյ, Թուրքիոյ եւ Յունաստանի ճամբարներուն մէջ:

 «Մենք կը ցանկանք օգնել Եւրոպային գաղթականներու խնդիրով: Մենք կրնայինք ընդունիլ 800 իսլամի, բայց մեր քով` Սլովաքիոյ մէջ չկան մզկիթներ: Ինչպէ՞ս կրնան իսլամները ընդելուզուիլ, եթէ անոնք այստեղ չի սիրեն»,- ըսած է երկրի ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Իւան Մետիկը:

Պրատիսլաւայի մէջ կը յայտարարեն, որ կրօնի մասին հարցը կու տան ժամանող փախստականներուն: Մետիկ կը հերքէ, որ այդ քայլը խտրականութեան դրսեւորումներ ունի. անոր խօսքով` նպատակը հասարակութեան միասնութիւնը պահպանելն է:

 

Scroll Up