Ղազախստան, Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ղրղզստան թրքերէն լեզուով հեռուստաալիք պիտի հիմնեն

«Թրքալեզու երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի» (ԹԵՀԽ) անդամ երկիրներ Ղազախստան, Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ղրղզստան տեղեկատուական բնոյթի միասնական թրքալեզու հեռուստաալիք պիտի հիմնեն:

Ըստ թրքական «Anadolu» պետական լրատուական գործակալութեան` կը տեղեկացնէ ermenihaber.am-ը, այս թեմայով նախնական արձանագրութիւն  ստորագրուած է Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ տեղի ունեցած ԹԵՀԽ նիստին:

Հեռուստաալիքի միջոցով կը նախատեսուի թրքալեզու երկիրներու լրատուական գործակալութիւններու, թերթերու, հեռուստաալիքներու ու ռատիոկայաններու համար համագործակցութեան հարթակ ստեղծել:

Աղբիւրը կ’աւելցնէ նաեւ, որ մետիադաշտի մէջ համագործակցելու եւ ընդհանուր հեռուստաալիք հիմնելու գաղափարն ու առաջարկութիւնը կը պատկանի Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւին:

Scroll Up