CNN-ը անդրադարձած է հայկական Լիճք գիւղի առօրեային. լուսանկարներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/0174.jpg)
Սեւանայ լիճի հարաւ արեւմտեան մասին մէջ` գողտրիկ լեռներով շրջապատուած Լիճք գիւղին մէջ տարուան 8-9 ամիսներուն գիւղը կ’իշխեն կանայք: Անոնք ամրակազմ, հաստատակամ կանայք են, որոնք խիզախօրէն հոգ կը տանին ոչ միայն իրենց ընտանիքներուն, այլեւ ամբողջ գիւղին մասին: ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրէս»-ը, նման կերպ սկսած է CNN-ը Լիճք գիւղին նուիրուած խմբագրականը:
Հայկական Լիճքին մէջ շատ աշխատասէր կանայք կան, սակայն այստեղ չես գտներ շատ տղամարդիկ: Այս կանանց ամուսինները կը գտնուին հազարաւոր մղոններ հեռու` հիմնականին Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ: Հայաստանի տնտեսութեան խնդիրներու պատճառով աշխատանքային տարիքի տղամարդոց ստուար հատուած մը մեկնած է արտերկիր` շինարարութեամբ աշխատելու համար: Աշխատանքի հիմնական բեռը այս պայմաններուն մէջ կը մնայ կանանց ուսերուն:
«Ամէն ինչ կ’ընեն խումբերով` հողի աշխատանքէն մինչեւ անասուններ պահելը եւ լաւաշ թխելը», կը գրէ CNN-ը: Ձմրան ամիսներուն, երբ երկար բացակայութենէ յետոյ կը վերադառնան տղամարդիկ, գիւղի բնակիչներուն համար իրական տօն կը սկսի. կեանքը կը լեցուի հարսանիքներով, ծնունդներով եւ խնճոյքներով: Լրագրող Ճուլիէն Փեպրել, երկու շաբաթ բնակած է այնտեղ` լուսանկարելով ու փաստագրելով գիւղացիներու կեանքը: