Ճիու Ճիցուի Վարպետ Էտվին Նաճմիի Իրագործումները

ՆՈՐԹՐԻՃ.- Ճիու Ճիցու պրազիլական մարտարուեստի հայազգի վարպետ Էտվին Նաճմի վերջին քանի մը տարիներուն յատկանշական իրագործումներու հասած է՝ արագօրէն բարձրանալով այդ մարտարուեստի գօտիներու դժուարամատչելի աստիճանէն։

Արդարեւ, 23ամեայ Նաճմի անցեալ Մայիսին կրցած է նուաճել սեւ գօտի՝ աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին յաղթանակով աւարտելով սրճագոյն գօտիներ շահած մարզիկներու մրցաշարքը։
Ան այս տարի նոյն մրցումին ախոյեան դարձած էր Եւրոպական բաց մրշարաքին, ինչպէս նաեւ Համաամերիկեան ախոյեանութեան ընթացքին։ Անոր իրագործումները վերջերս լուսարձակի տակ առնուած էին «Ճիու Ճիցու» թերթին կողմէ։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.bjjheroes.com/bjj-fighters/edwin-najmi կայքէջը։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարեզ:

Scroll Up