ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Բանակում` Բիւրականի Մէջ

11-էն 15 օգոստոսին Բիւրականի մէջ տեղի ունեցան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան տարեկան բանակումները:

p-2_8-17-15

Ազգային երգ ու պար, դասախօսութիւններ, մարզումներ, ժապաւէններու ցուցադրութիւն, խարուկահանդէսներ. Բիւրականի մէջ 5  օրեր շարունակ այս առօրեան ապրեցան 120 դաշնակցական երիտասարդներ` հանրապետութեան տարբեր մարզերէ ու Արցախէն համախմբուած: Անոնք բաժնուեցան քանի մը խումբերու, որոնք կը կրէին ազատագրական պայքարի հերոսներու, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի շրջաններու անունները:

Իւրաքանչիւր տարի բանակումին ընթացքին յատուկ կերպով շեշտը կը դրուի որոշ գործունէութեան մը վրայ, այս տարի հիմնական էին դաստիարակչական աշխատանքները:

Բիւրականի մէջ բանակում կը կատարէին նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան»  ուսանողական միութեան անդամները: Հաւաքը յոբելենական էր` նուիրուած միութեան հիմնադրութեան 25-ամեակին:

Հայրենասիրութիւն, ազգային դաստիարակութիւն, արդար Դատի պայքարի կոչ: Ահա այս բոլորը կարգախօս դարձուցած էին ուսանողական միութեան անդամները:

Բանակումը լաւագոյն միջոցներէն մէկն է, որ իր շուրջ կը համախմբէ գիտակից երիտասարդներ: Անոնք նոր գիտելիք կը ստանան, կարծիքներու փոխանակում կը կատարեն, ինչպէս նաեւ նոր ընկերութիւններ կը հաստատեն: Բանակումին ընթացիկ առօրեան կը յատկանշուի դասախօսութիւններով եւ ազգային¬քաղաքական հարցերու վերաբերող քննարկումներով:

 Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up