Սասունի մէջ հայկական եկեղեցւոյ ու գերեզմանոցի հրդեհման կապակցութեամբ դիմում ներկայացուած է դատախազութիւն

Անյայտ անձանց կողմէ հրդեհուած է Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասուն գաւառին մէջ գտնուող հայկական Սբ. Պետրոս Առաքեալի վանքն ու յարակից հայկական գերեզմանոցը:

Սասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Սթամպուլի հայերու սոցիալական օգնութեան, համերաշխութեան մշակութային միութիւնը հրդեհի պատճառով Սասունի տարածքային դատախազութիւն յանցագործութեան մասին յայտարարութիւն  ներկայացուցած է:

Ըստ «Demokrathaber.net» կայքի` միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճըն հաղորդած է, որ հրդեհի հետեւանքով այրած են հայ հոգեւորականներու ոսկորները, որոնք գերեզմանափոսերէն դուրս  թափած էին գանձ որոնողները:

Հայկական միութեան նախագահը յայտնած է, որ թրքական ոստիկանութեան ստորաբաժանումները չեն եկած դէպքի վայր:

«Նոյն օրը տեղեկացուցած ենք Պաթմանի ոստիկանութեան հրամանատարութիւն: Ըսին, որ հրշէջներ կ’ուղարկեն: Սակայն հրշէջ մեքենան չի կրնար բարձրանալ Մեշելի գիւղ, քանի որ եկեղեցի տանող ճանապարհը դեռ բաց չէ: Պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք հրդեհը մարելուն օգնած Մեշելի գիւղի բնակիչներուն»,- ըսած է Տաղճըն:

Աւելի վաղ Ermenihaber.am-ը տեղեկացուցած էր, որ Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասուն գաւառին մէջ գտնուող 1500-ամեայ հայկական Սբ. Պետրոս վանական համալիրը, որ յարակից գիւղացիներուն կողմէ որպէս ախոռ կ’օգտագործուէր, պետական արձանագրութիւն  ստացած էր:

Նշենք, Արեւմտեան Հայաստանի  շարք մը տարածաշրջաններու մէջ գտնուող եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Սբ. Պետրոս վանական համալիրի գրանցման ու վերականգնման համար կը պայքարի  Սասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Սթամպուլի հայերու սոցիալական օգնութեան, համերաշխութեան մշակութային միութիւնը` նախագահ Ազիզ Տաղճըի գլխաւորութեամբ:

Scroll Up