Հողմիկի Մէջ Պեղումները Հեթանոսական Հայաստանի Սովորոյթներու Մասին Նորանոր Գաղտնիքներ կը Բացայայտեն

Շիրակի մարզի Ամասիայի տարածաշրջանի Հողմիկ գիւղի տարածքը կը շարունակէ գրաւել հայ եւ օտար հնագէտները:

Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ 2014 թուականին արշաւախումբը յաջողած է յայտնաբերել Անահիտ աստուածուհիի տաճարը: Հողմիկի համալիրը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ հեթանոսական համալիրներ, կ՝ընդգրկէ շարք մը տաճարներ` գլխաւոր աստուածներու կոթողները: Հողմիկի մէջ եղած են հայ հեթանոսական բոլոր գլխաւոր աստուածներու տաճարները՝ Արամազդ, Վահագն, Անահիտ, Աստղիկ, Միհր, Նանէ եւ այլն: Նախապէս Իլլի, Իլլի Ղարաքիլիսա, Իլլու անուանումները կրած գիւղը, որ Հողմիկ վերանուանուած է 1978 թ-ին, կը շարունակէ հնագիտական արշաւախումբերու համար հարուստ տարածք մնալ: Գիւղէն քիչ հեռու` հարաւարեւմտեան ծայրամասը, յայտնաբերուած է հելլենիստական ժամանակաշրջանի մեծ բնակավայրի հատուած մը: Հողմիկի համալիրը կառուցուած է Արտաշէս Բ (Ք.Ա. 30–Ք.Ա. 20) թագաւորի օրօք: Տարածքին հնագիտական պեղումներ իրականացած են նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն`  1987 թուականին ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան ուսումնարանի արշաւախումբը`  Հայկ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, մեկնած է  Հողմիկ գիւղ Կապսի ջրամբարի շինարարութենէն առաջ տարածքը ուսումնասիրելու համար` չիմանալով տարածքի հնագիտական արժէքին մասին: Ուսումնասիրութեան ընթացքին պատահաբար յայտնաբերուած է հեթանոսական համալիրը: 1987-1993թթ. համալիրի տարածքին կատարուած են պեղումներ, սակայն նիւթական միջոցներու բացակայութեան պատճառով արշաւախումբը իր աշխատանքները շարունակելու հնարաւորութիւն ստացած է  միայն 13 տարի անց` 2006 թուականին: 2004 թուականին արշաւախումբը Հողմիկի մէջ նաեւ բացայայտած է միջնադարեան ճանապարհ, որ կը տանի դէպի լեռները, իսկ Հողմիկի հարեւան Ջրաձոր գիւղին մէջ բացայայտուած է 8 մեթր լայնութեամբ եւ երկարութեամբ միջնադարեան շինութիւն մը, որ նստած է անտիկ դամբարաններու վրայ, իսկ անտիկ դամբարաններն ալ մխրճուած են պրոնզեդարեայ բնակավայրին մէջ:

Այս տարի արշաւախումբը նպատակ ունի անցեալ տարիներու կատարած հետազօտութիւնները մէկտեղել, չափագրել ու վերջը ամփոփոփել Հողմիկի մասին պատմող գիտական աշխատութեան մէջ: Աշխատութեան առաջին հատորին մէջ պիտի ընդգրկուին Հողմիկի տարածքին նախորդ տարիներուն կատարուած պեղումներուն յատակագիծերը, մանրամասն գծանկարներ եւ այլն:

Ի դէպ, ինչպէս ցոյց կու տան ուսումնասիրութիւնները, հեթանոսական Հայաստանի մէջ կատարուած է դիամասնատում, ինչպէս կենդանիներու, այնպէս ալ մարդոց: Նմանտիպ դիամասնատման հնագէտները հանդիպած են նաեւ Հողմիկի մանկական դամբարանին մէջ: «Այստեղ յայտանբերուել են մանկան տարբեր մասեր, ինչը խօսում է այն մասին, որ իրականացուել է դիամասնատման ծէս. մահուանից յետոյ մարմինը բաժանում էին մասերի, որովհետեւ այդ մարդիկ կարծում էին, որ այն ինչը բաժանւում է, միտում ունի մի օր միանալու»,-  պատմած է  Հայկ Յակոբեան:

Յակոբեանի խօսքով` հեթանոսական Հայաստանէն մեզի փոխանցուած են շատ ծէսեր, իսկ ասոր վառ ապացոյցը կենդանիներու զոհաբերութիւնն է:

Այս տարի հայ հնագէտներուն միացած են նաեւ  ռուս երիտասարդ հնագէտները` Ս. Փեթերզպուրկի դասական գիմնազիայի խումբը: Համեմատելով օրինակ Ղրիմի մէջ նոյն թուագրութեան հնավայրերու հետ` գիմազիայի դասախօս, հնագէտ Վերա Կեւդերը, հայկական հնավայրին մէջ ճարտարապետութենէ բացի նաեւ կենսապայմաններու տարբերութիւն կը տեսնէ` Հողմիկի մէջ գտած հարուստ պատմական ժառանգութիւնը նաեւ կը խօսի այն մասին, որ հայերը համեմատաբար  աւելի քաղաքակիրթ եղած են:

Scroll Up