«Միութիւն 2015-Յաղթանակի Ժառանգներ» Հաւաքը Սկսաւ
«Միութիւն-2015. Յաղթանակի ժառանգներ-Հայաստան» միջազգային երիտասարդական ռազմամարզական կրթական մրցում-հաւաքի շուրջ հինգ հարիւր մասնակիցներուն համար 17 օգոստոսը տօնական էր` սկսաւ հաւաքը: «Միութիւն-2015. Յաղթանակի ժառանգներ-Հայաստան» միջազգային երիտասարդական ռազմամարզական կրթական մրցում-հաւաքը կը կազմակերպուի Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Բացման արարողութեան կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան ղեկավար կազմը` նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ զինուորական կցորդներ, Համաշխարհային Բ. պատերազմի վեթերաններ եւ բարձրաստիճան այլ հիւրեր:
Ողջոյնի իր խօսքին մէջ նախարար Սէյրան Օհանեան նշեց. «Հաւաքը նուիրուած է Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին տարած յաղթանակի 70-ամեակին, որ պատմական նշանակութիւն ունի եւ կը միաւորէ մեր ժողովուրդները հոգեւոր առումով, ինչպէս նաեւ բարոյական ուղղորդիչ է յետպատերազմեան սերունդներուն համար` դաստիարակելու զանոնք ընկերութեան եւ եղբայրութեան ոգիով: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ «Միութիւն 2015-Յաղթանակի ժառանգներ» հաւաքին, որովհետեւ այս հաւաքը իրապէս գործող հայրենասիրական ուղղուածութեամբ միջազգային ծրագիր է, որ հզօր գաղափար ու լիցք կը պարունակէ եւ կը միաւորէ անցեալն ու ներկան», ըսաւ Օհանեան:
Նշենք, թէ «Միութիւն 2015-Յաղթանակի ժառանգներ» հաւաքին մասնակցող պատանիները մրցումներուն մասնակցելէ բացի պիտի այցելեն նաեւ զանազան թանգարաններ, Ծիծեռնակաբերդ, Էջմիածին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան եւ Մատենադարան: