Անոյշ Գրիգորեան Յաղթանակով Սկսած է Բռնցքամարտի Եւրոպայի Երիտասարդներու Առաջնութիւնը
51 քկ քաշային աշխարհի ախոյեանուհի Անոյշ Գրիգորեան յաղթանակով սկսած է Հունգարիոյ մէջ ընթացող բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու առաջնութիւնը:
Հայաստանի բռնցքամարտի դաշնութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` հայ մարզուհին 3:0 հաշիւով վստահ յաղթանակ տօնած է Մոլտովան ներկայացնող Եկատերինա Գարբի նկատմամբ եւ հասած 1/4 եզրափակիչ: Վաղը` 1/4 եզրափակիչին, Անոյշ Գրիգորեան պիտի մրցի հունգարուհի Ալեխանտրա Վիկլասի հետ, որ 1/8 եզրափակիչին առաւելութեան հասած է թուրք Նազեմի Դադարի նկատմամբ:
Եւրոպայի առաջնութեան հանդէս եկող հայաստանցի միւս մարզուհին` 60 քկ քաշային Անի Յովսէփեանը՝ զիջած է իր մրցակիցին եւ դուրս մնացած յետագայ պայքարէն: