Թուրք մտաւորականները այցելած են Ծիծեռնակաբերդ եւ Ցեղասպանութեան թանգարան
Հելսինքի ամառնային դպրոցի աւելի քան 50 անդամ` թուրք մտաւորականներ, դասախօսներ, ուսանողներ, Ամերիկայի հայկական համագումարի տարածաշրջանային վերլուծաբան Ալին Օզինեանի ուղեկցութեամբ Օգոստոս 15-ին այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան: Պատուիրակութեան անդամներուն Ցեղասպանութեան պատմութեան հետ ծանօթացուցած է ՀՑԹԻ տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, կը գրէ panarmenian.net-ը:
Պատուիրակութեան անդամները այցելած են Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահը, ծանօթացած օրերս բացուած «Հայկական մարզանքը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան հետ:
Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ծաղիկներ տեղադրած եւ յարգած անմեղ զոհերու յիշատակը: Հանդիպման վերջաւորութեան Հելսինքեան ժողովի կազմակերպիչները առանձին քննարկում ունեցան Դեմոյեանի հետ:
2015-ի Ապրիլէն թանգարան այցելած են աւելի քան 300 Թուրքիոյ քաղաքացի: