Ջուրի խողովակներու վերանորոգման ժամանակ Թուրքիոյ մէջ հայկական գերեզմանաքարեր գտնուած են

Թուրքիոյ եւրոպական հատուածին մէջ գտնուող Թեքիրտաղ նահանգի Մալքարա գաւառին մէջ ջուրի խողովակներու վերանորոգման համար փորուած փոսին մէջ յայտնաբերուած են շիրմաքարեր:
Ըստ թրքական «Posta» թերթի կայքի` կը գրէ ermenihaber.am-ը, թիւով 8 գերեզմանաքարերը յայտնաբերուած են 1.5 մ խորութեան վրայ: Այդ թաղամասի բնակիչները հաղորդած են, որ բոլոր 8 շիրմաքարերն ալ բեռնատարով տեղափոխուած են պահեստ` աւելի ուշ ուսումնասիրութեան ուղարկելու համար:
Կը նշուի, որ գերեզմանաքարերը բաւականին ծանր եղած են եւ ատոնցմէ իւրաքանչիւրը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ եղած է քանի մը մարդու ուժ:
Տեղի բնակիչներէն մէկը` Լեւանթ Պալճըն, լրագրողներուն յայտնած է, որ այդ վայրը անցեալին հայկական գերեզմանոց եղած է: