Խաղողօրհնէք Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ»Հիւանդանոցին Մէջ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին եւ համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12ի առաւօտեան, Պօղոս վրդ. Թինքճեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան ու սարկաւագներ այցելեցին Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցը եւ հաստատութեան մատրան մէջ կատարեցին բժշկութեան աղօթք եւ խաղողօրհնէք։
Հիւանդանոցի պատասխանատուներէն՝ Ռամելա Մարգարեան ողջունեց հոգեւոր հայրերն ու ներկաները, վեր առնելով այս աւանդական արարողութեան կարեւորութիւնը: Բացման աղօթքը կատարեց քահանայ Ալ Կարսիլազօ:
Հայր Պօղոսը խօսեցաւ օրուան խորհուրդին մասին, ապա կատարեց խաղողի օրհնութիւնը: Ան բժիշկներուն, անձնակազմի անդամներուն եւ հիւանդանոցի խնամքին ենթականերուն փոխանցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի բարեմաղթութիւնները, ապա նշեց. «Խաղողը կը նկատուի խորհրդանիշը Յիսուսի արեան, որ զոհաբերուեցաւ մեր մեղքերու թողութեան համար. իսկ մենք այգիներու առաջին բերքը նուիրաբերելով՝ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը կը հայցենք մեր մեղքերու քաւութեան համար»:
Արարողութենէն ետք հոգեւոր հայրերը այցելեցին հիւանդանոցի հայ հիւանդներուն, աղօթեցին անոնց առողջութեան համար եւ օրհնուած խաղող բաժնեցին անոնց։
Այս մասին յայտնած է Ասպարեզ: