Հայ Դատի Խորհրդաժողովի Կազմակերպիչները Կը Յստականան

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Օգոստոս 14-ին կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 23-ին սկսող եւ Հայ Դատին նուիրուած երկօրեայ խորհրդաժողովին ու Հոկտեմբեր 25-ին կայանալիք յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին կազմակերպիչ մարմիններու ատենապետները որոշուած են։

Արդարեւ, Սթիւ Արթինեան պիտի ստանձնէ տարեկան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին ատենապետի պաշտօնը, իսկ Արա Խաչատրեան եւ Այգ Տիքիճեան՝ երկօրեայ խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբին համաատենապետի պաշտօնը։

Երկու ձեռնարկները, որոնցմէ իւրաքանչիւրին համար համացանցային յատուկ կայքեր պատրաստուած են, պիտի կայանան Սենչըրի Սիթիի «Հայաթ Սենչըրի Փլազա»ին մէջ:

«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը ամբողջական վստահութիւն ունի իր անդամներէն մէկը հանդիսացող Սթիւ Արթինեանի օրինակելի ղեկավարման կարողութեան, ձիրքերուն եւ տեսլականին նկատմամբ։ Ան արդէն իսկ իր շուրջ համախմբած է տպաւորիչ յանձնախումբ մը, երաշխաւորելու համար, որ այս տարուան ձեռնարկը աննախընթաց յաջողութեամբ պսակուի», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան։

«Նոյն շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ երկու տարին անգամ մը կայացող Հայ Դատի երրորդ խորհրդաժողովը, որ հայութիւնը յուզող կարեւորագոյն հարցերու քննարկման վայրը պիտի հանդիսանայ։ Վարչութիւնս նմանապէս մեծ վստահութիւն ունի Արա Խաչատրեանի եւ Այգ Տիքիճեանի ղեկավարման ձիրքերուն նկատմամբ. անոնք, իրենց շուրջ համախմբուած յանձնախումբին հետ, կրնան նոր բարձունքներու հասցնել այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը։ Հպարտ ենք, որ մեզի հետ ունինք նման փորձառու անձաւորութիւններ, այս զոյգ ձեռնարկները առաջնորդելու համար», կ՛աւելցնէ Յովսէփեան։

Սթիւ Արթինեան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետն է եւ «Հոմ Օրկընայզըրզ» ընկերութեան շուկայական հարցերու գծով փոխնախագահը։ Ան չորս տարիներու ընթացքին եղած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամ, իսկ Արեւմտեան թեմի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատուն էր Արամ կաթողիկոսի այցելութեան ընթացքին։ Ան նաեւ Լոս Անճելըսի «Արդարութեան Քայլարշաւ»ի հանրային յարաբերութեանց եւ շուկայական հարցերու ատենապետն էր եւ զանազան հայկական կազմակերպութեանց վարչութեանց անդամ եղած է։

Սթիւ Արթինեանի գլխաւորած յանձնախումբին մաս կը կազմեն այդ նպատակով  կազմուած նախկին յանձնախումբերու ատենապետներ Լինտա Արտան, Արշօ Պէյլէրեան, Էլիզապէթ Պոյաճեան, Այտա Տիմիճեան, Քրիսթինա Ճապարեան, Ջասիկ Ճառահեան, Գարօ Խանճեան, Այտա Եղիազարեան եւ Սիւզի Ծերունեան-Խանզատեան։

Իրաւաբան Այգ Տիքիճեան 7 տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէ Լոս Անճելըսի կարեւորագոյն իրաւաբանական հիմնարկներէն մէկուն։ Ան եղած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանցի ատենապետ ու մաս կազմած է Հայ Դատի զանազան նախաձեռնութեանց կազմակերպման գործին, ներառեալ՝ «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» եւ 2013ի Հայ Դատի խորհրդաժողովը։

Արա Խաչատրեան «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիրն է՝ 1992-էն ի վեր, տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին։ Ան եղած է «Ռաք տը Վոթ» կազմակերպութեան լրատուական մարզի վարիչ, ինչպէս նաեւ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի լրատուական յարաբերութեանց բաժանմունքի պատասխանատու։ Խաչատրեան նաեւ եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ, 2011-ի ու 2013-ի Հայ Դատի խորհրդաժողովներու կազմակերպիչ յանձնախումբերու ատենապետ եւ «Արդարութեան Քայլարշաւ»ի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ։

Խորհրդաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ օրէնքի մասնագէտներուն, մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն, քաղաքական վերլուծաբաններուն եւ գործիչներուն քննարկելու Հայ Դատի տարբեր երեսները, յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակէն ետք, միաժամանակ՝ մշակելու ապագայ նախաձեռնութիւններ:

Տարեկան ձեռնարկը պիտի սկսի կ.ե. ժամը 4:30ին, ընկերական պահով եւ լուռ աճուրդով, իսկ երեկոյեան ժամը 6-ին մեկնարկող ճաշկերոյթին ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վերջին մէկ տարուան իրագործումները եւ պիտի մեծարուին շարք մը պաշտօնատարներ եւ կամաւորներ:

Մասնակցութեան մանրամասնութեանց համար, այցելել ancawr.org կայքը:

Scroll Up