Գեղարուեստական Երեկոյ` Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով եւ կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ), ուրբաթ, 14 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբին (ղեկավարութեամբ` Մկրտիչ Միքայէլեանի), տուտուկահար Յակոբ Քելուկեանի, շուի եւ ֆլիւթ Կարօ Սուաքճեանի, ինչպէս նաեւ ՀԵՀՈՄ-ական երիտասարդ-երիտասարդուհիներու:

Բացման խօսքը կատարեց Դալար Թաթոյեան: Յայտագիրը սկսաւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբի հայ եւ օտար երաժշտութիւններու ներկայացումով ու ասմունքով, որմէ ետք մենակատարներ տուտուկի, շուիի, դաշնակի եւ ֆլիւթի հոգեթով նուագներով դիւթեցին մթնոլորտը: Ապա ՀԵՀՈՄ-ականներ երեկոն ճոխացուցին հայկական դասական եւ ազգային երգերով:

Փակման խօսքը կատարեց ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Նշան վրդ. Լախոյեան, որ ըսաւ, թէ Աստուածամօր վերափոխման տօնը աղօթքի, խունկի, շարականի կողքին նաեւ ուրախութեան ու ցնծութեան տօն է: Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ շատ են նման  տօները, ինչպէս` Վարդավառի, Խաչվերացի եւ այլ տօները: Պէտք է ուրախութեամբ տօնել այս տօները, որովհետեւ անոնք յաղթանակի տօներ են, եւ զանոնք պէտք է յիշատակել հայկական երաժշտութեամբ, հայ երգով ու պարով:

Խօսքի աւարտին հայր սուրբը իր շնորհաւորութիւններն ու գնահատանքը յայտնեց յայտագիրը ներկայացուցած բոլոր մասնակիցներուն:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up