ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարը այցելեց Թիֆլիս

Օգոստոս 16-ին  Թիֆլիս կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Սերկօ Կարապետեան,  այցելեց Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցի եւ ներկայ գտնուեցաւ Աստուածամօր վերափոխման տօնին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանը:

Նախարարի կողմէ բերուած Մայր Հայրենիքի արեւաշող խաղողը միախառնուեցաւ Թիֆլիսի հայ հաւատացեալներուն տաճար բերած խաղողին եւ միւս միրգերուն:

Պատարագի աւարտին Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ իր նստավայրին մէջ հիւրընկալեց նախարար Կարապետեանին:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդը նախարար Կարապետեանին ուղեկցեցաւ Թեմի «Հայարտուն» կեդրոն եւ տեղեկացուց հայապահպանութեան նպատակով կեդրոնի ծաւալած գործունէութեան մասին: Թեմակալ առաջնորդը եւ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարը այցելեցին Թիֆլիսի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոն, ուր ծաղիկներ խոնարհեցին ազգի արժանաւոր զաւակներու շիրիմներուն:

Սրբազանի եւ Սերկօ Կարապետեանի յաջորդ կանգառը Թիֆլիսի Առաջնորդանիստ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին էր, ուր աւարտին կը մօտենան եկեղեցւոյ վերանորոգչական աշխատանքները: Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ բարձրաստիճան հիւրերուն դիմաւորեց վերանորոգման աշխատանքներու ղեկավար Արժանիկ Յովհաննիսեան, որ մանրամասն ներկայացուց կատարուած աշխատանքները:

 

aa1 a2 a3

a4a5 a6 a8

Scroll Up