Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը Քուէյթի Մէջ

Հակառակ ամառնային արձակուրդներու շրջան ըլլալուն եւ Քուէյթի տաքութեան, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցին տօնական մեծ օր մը ապրեցաւ, Աստուածածնայ Վերափոխման օրը, Ուրբաթ 14 Օգոստոսին։

Պատարագը մատուցեց եւ օրուայ պատգամը փոխանցեց թեմիս առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, որ հաւատացեալներուն Աստուածամօր վերջին շրջանի կեանքին ու մահուան ինչպէս նաեւ վերափոխման հաստատման պատմականը ընելէ ետք, անդրադարձաւ Աստուածամօր տիպարին եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոր ունեցած իւրայատուկ ներկայութեան մասին։ Ան շեշտեց Աստուածածնի փրկագործական խորհուրդին մէջ ունեցած իւրայատուկ դերակատարութիւնը, անդրադարձաւ անոր մայրական կոչումին, հաւատարմութեան ու իր Միածին Որդիին մօտ մշտական բարեխօսթեան` դառնալով խորհրդանիշ քրիստոնէական վեհ առաքինութիւններու եւ առաջնորդ երանական երկնաւոր լուսոյ խորաններու արժանանալու ճամբուն։ Եկեղացւոյ Տիկնանց Յանձնախումբը, խաղողի ողկոյզներով զարդարած էր խորանը, իսկ հաւատացեալ ժողովուրդին նուիրած խաղողները ողողած էին անբողջ բեմը: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի յատուկ արարողութիւն։

01 02 03 04 06 07

Scroll Up