Առաջնորդարանը Կը Դիմաւորէ Ղպտի Երիտասարդներու Խումբը

 Ղպտի Երիտասարդաց միութենէն մօտաւորապէս 40 անդամներ, որոնք ժամանած էին Արեւելեան ափէն, Օգոստոս 4ին այցելեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արտեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարը: Սուրբ Էնթընի Ղպտի ուղղափառ վանք վերադառնալէ առաջ, երիտասարդ ուխտաւորները փափաքած էին այցելել Արեւմտեան թեմի հոգեւոր կեդրոնը: Այս մասին կը գրէ Asbarez-ը:

Առաջնորդարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց ներկայացուցիչ Հայկ Մատոյեան երիտասարդները առաջնոորդեց դէպի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճար, ապա՝ «Զօրայեան» թանգարան:

Շրջագայութեան աւարտին, երիտասարդները հաւաքուեցան Մայր տաճարի դասը, ուր զիրենք ողջունեց թեմակալ առաջնոդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը ցուցաբերեց հովուական իր զօրակցութիւնն ու ուղղութիւնը երիտասարդ ուխտաւորներուն եւ գնահատեց անոնց աստուածահաճոյ մտայղացումը՝ այցելելու Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանն ու Մայր տաճարը: Երիտասարդ ուխտաւորները հոգեկան մխիթարութեամբ եւ զօրացած հաւատքով բաժնուեցան Մայր տաճարէն:

Scroll Up