Արծրուն Յովհաննիսեան. Սահմանային իրավիճակը հիմա համեմատաբար հանգիստ է

Նախօրէին հակառակորդը կրկին խախտած է հրադադարի պահպան կարգը` կրակելով նաեւ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերու ուղղութեամբ:

Aysor.am-ի հետ զրոյցին Տաւուշի մարզի Մովսէսի գիւղապետ Արարատ Աւալեան նշեց, որ հիմա կրակոցները հիմնականին մէջ միջդիրքային են:

Պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանի խօսքով` իրավիճակը համեմատաբար հանդարտ է:
«Նախօրէին եղած են կրակոցներ, բայց հիմա իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է»,- ըսաւ ան:

Նշենք, որ վերջին օրերուն հակառակորդը կը սրէ սահմանային իրավիճակը ինչպէս Տաւուշի, այնպէս ալ` սահմանի արցախեան հատուածին մէջ:
Այստեղ կը կիրառուին նաեւ 60, 82 եւ 120 մմ ականանետեր:

 

Scroll Up