Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով. «Անձեռնմխելի Արմատներ» Խորագիրով Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/MousaLer1__8-13-15.jpg)
Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով հինգշաբթի, 13 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անձեռնմխելի արմատներ» խորագիրով ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:
Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Եսայի Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ 2004-ին եւ 2010-ին մուսալեռցիք բախտաւորութիւնը ունեցան այցելելու իրենց պապենական գիւղը, որ երկար տարիներ չէին կրցած այցելել: Ապա յայտնեց, թէ ներկայացուելիք վաւերագրական ժապաւէնը ծնունդ առած է առաջարկէ մը եւ իրականութիւն դարձած շնորհիւ դոկտ. Մարալ Պոյաճեանին, Լիզա Տորտուլեանին եւ Ասօ Մախուլեանին, ինչպէս նաեւ 24 երիտասարդներու, որոնց բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց:
Եսայի Հաւաթեան
Դոկտ. Մարալ Պոյաճեան
Բացման խօսքին յաջորդեց դոկտ. Մարալ Պոյաճեանի խօսքը: Ան խօսեցաւ Մուսա լեռ ուխտագնացութեան եւ վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան հանգրուաններուն մասին, թէ ինչպէ՛ս խումբ մը ուսանողներ եւ սկաուտներ որոշեցին մեկնիլ Մուսա լեռ` Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպին ընթերցումէն ետք, որ առաջարկուած էր «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի դասախօս դոկտ. Եուճին Տապպուսի կողմէ :
Մարալ Պոյաճեան անդրադարձաւ նաեւ իրենց կատարած ուխտագնացութիւնը վաւերագրական ժապաւէնի վերածելու որոշումին եւ այդ գծով իրենց տարած աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
Մօտ 40 վայրկեան ներկաները հետեւեցան ժապաւէնին, որ կը ներկայացնէր մուսալեռցիներուն պատմութիւնը, 1915-ի հերոսամարտին անոնց կրած տառապանքը, կատարած քաջագործութիւնները եւ այլն: 24 ուխտաւորները յաջողեցան բարձրանալ Մուսա լերան գագաթը, ուր իրենց երգերն ու աղօթքները բարձրացուցին աւերակ Մուսա լերան յուշարձանին կողքին, այնտեղ քարերով կազմեցին խաչքար մը, ապա պարզելով Եռագոյնը պարեցին նաեւ աւանդական շուրջպարը: Ուխտաւորները յայտնեցին նաեւ իրենց ունեցած ապրումներն ու յուզմունքը պապենական հողին վրայ: Ժապաւէնի աւարտին կորուսեալ պապենական տարածքը փոխարինուեցաւ Այնճարով, որ է Նոր Մուսա լեռը բոլոր մուսալեռցիներուն համար:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: