100 օր «Քամփ Արմէն»-ի մէջ (լուսանկարներ)

Կը լրանայ Սթամպուլի Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայկական մանկատան պատկանող ճամբարի` «Քամփ Արմէն»-ի քանդումին դէմ պայքարի 100-րդ օրը, կը գրէ ermenihaber.am-ը: Անցած 100 օրերուն ընթացքին ճամբարին մէջ հերթապահող երիտասարդները հազարաւոր մարդոց աջակցութիւնը ստացած են, որոնց հիւրընկալած են հէնց ճամբարին մէջ: «Քամփ Արմէն»-ի մէջ հերթապահած են բազմաթիւ քաղաքացիներ, որոնց մէջ եղած են պատգամաւորներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ եւ լրագրողներ: «Ակօս» շաբաթաթերթը լուսանկարներով ներկայացուցած է 100-օրեայ պայքարի պատմութիւնը:
Մայիս 6-ին ճամբարի սեփականատէր Ֆաթիհ Ուլուսոյը Թուրզլայի քաղաքապետարանէն քանդելու մասին որոշումը ստանալէ յետոյ կը սկսի քանդումը, սակայն հասարակական ճնշման ներքոյ ստիպուած կ’ըլլայ դադրեցնելու զայն: Ճամբարի քանդումը թոյլ չտալու նպատակով «Քամփ Արմէն»-ի մէջ հերթապահութիւն կը սկսի: ճամբարին մէջ կը սկսին պարբերաբար ձեռնարկներ կազմակերպուիլ: Առաջին ձեռնարկը Անի Պալըքչըի (Թուրքիոյ մէջ սպաննուած ազգութեամբ հայ զինուոր Սեւակ Պալըքչըի մայրը) եւ «Ակօսի» հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի` Ռաքէլ Տինքի հայոց լեզուի դասն էր, այնուհետեւ «Ոմանք» խումբի համերգը, որուն ժամանակ ճամբարին մէջ տարիներ անց կրկին հայկական երգեր հնչեցին: Ապա համերգով հանդէս եկաւ «Քարդէշ թիւրքիւլեր» խումբը, հերթապահութիւնը իրականացնող երիտասարդներուն մօտ հիւրընկալուեցաւ ուտի յայտնի վարպետ Երուանդը եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր Թուրքիոյ տարբեր վայրերէ: Այդ 100 օրերուն ընթացքին ճամբարին մէջ բազմաթիւ ձեռնարկներ իրականացուեցան, կազմակերպուեցաւ քայլերթ Սթամպուլի Իսթիքլալ հետիոտնային պողոտային վրայ: