Բռնցքամարտի Եւրոպայի առաջնութեան պիտի ծածանի նաեւ Հայոց եռագոյնը

Բռնցքամարտի Եւրոպայի առաջնութեան Արամ Աւագեանի շնորհիւ կը ծածանի նաեւ Հայոց եռագոյնը: 56 քկ քաշային հայ բռնցքամարտիկը, որ 2013 թուականին Եւրոպայի առաջնութեան նուաճած էր պրոնզէ մետալ, այս անգամ ալ ձեռնունայն չի վերադառնար, կը գրէ armradio.am-ը:
Զ եզրափակիչին Արամը 3:0 հաշուով վստահ յաղթանակ տօնեց ռումանացի Նիքոլա Անտրէիանայի նկատմամբ եւ, դուրս գալով կիսաեզրափակիչ, առնուազն ապահովեց պրոնզէ մետալը: Բացի այդ` հայ բռնցքամարտիկը նուաճեց նաեւ Քաթարի մէջ կայանալիք աշխարհի առաջնութեան ուղեգիր, ուր արդէն նժարին պիտի ըլլայ ոչ միայն աշխարհի առաջնութեան մետալը, այլ նաեւ Ողիմպիական խաղերու ուղեգիր:
Եւրոպայի առաջնութեան մետալ նուաճելուն մօտ էին նաեւ 52 քկ քաշային Կորիւն Սողոմոնեան, 64 քկ քաշային Յովհաննէս Պաչկով եւ 75 քկ քաշային Արման Յովհիկեան, սակայն անոնք Զ եզրափակիչին պարտութիւն կրեցին եւ դուրս մնացին մետալներու համար պայքարէն:
Այնուհանդերձ` մեր երեք բռնցքամարտիկներն ալ դեռեւս կը յաւակնին աշխարհի առաջնութեան ուղեգիրին: Քանի որ Եւրոպայի առաջնութեան մէջ կը խաղարկուի աշխարհի առաջնութեան 6 ուղեգիր, ապա եթէ մեր մարզիկներուն յաղթած բռնցքամարտիկները դուրս գան եզրափակիչ, ապա մերինները կ’արժանանան աշխարհի առաջնութեան ուղեգիրին:
Եւրոպայի առաջնութեան մենք դեռ կը պայքարինք ամենաբարձր յարգի մետալի համար: Վաղը Արամ Աւագեան կը փորձէ նուաճել եզրափակիչի ուղեգիր: Կիսաեզրափակիչին հայ բռնցքամարտիկի մրցակիցը անգլիացի Աշֆաք Քաիսն է: